Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 2 Յունիսին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր երաժշտութեան երեկոյ, որ նուիրուած էր Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ՝ Ասմա Ասատին:
Երեկոյին ընթացքին հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:
Երեկոյին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Ռէյիսեան, համայնքներու, տեղական եւ հայկական կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով Ճեմմա Տաուլէ դիտել տուաւ, որ համերգը շնորհակալութեան արտայայտութիւնն է Սուրիոյ նախագահին եւ Առաջին տիկնոջ ու կը կրէ «Ամբողջական սիրով ու հաւատքով» խորագիրը, որովհետեւ Աստուծոյ հաւատքը սիրոյ եւ համերաշխութեան իրենց ուղին կը նկատեն: «Ընտրեցինք սէր խորհրդանշող վերնագիր՝ որովհետեւ համերգը նուիրուած է Սուրիոյ Առաջին տիկնոջ, որուն սիրոյ ապրումները բալասան հանդիսացան նահատակ զաւակ նուիրաբերող իւրաքանչիւր մօր, ինչպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր վիրաւորի, որուն արիւնը շաղախուեցաւ սուրիական հայրենիքի հողին», յայտնեց ան:
Ապա երգչախումբը յաջորդաբար մեկնաբանեց Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Խորէն Մէյխանաճեանի, Չայքովսկիի, Վիվալտիի, Հենտըլի մշակած հոգեւոր երգերէն ընտրանի մը եւ արաբերէն հոգեւոր երգ մը:
Համերգին աւարտին իր պատգամը յղեց Յովակիմ աբղ. Բանճարճեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Սիրոյ եւ հաւատքի արտայայտութիւն հանդիսացող այս համերգը երկու խորհուրդ կը մարմնաւորէ՝ մեր հաւատարմութիւնը եւ երախտագիտութիւնը Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին: Յատկապէս՝ այն իրականութեան համար, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները ոչ միայն ապաստան գտան սուրիական հողերուն վրայ, այլ նաեւ արժանացան Սուրիոյ ժողովուրդին սիրոյն եւ վստահութեան ու ծառայեցին այս երկրին, սատարեցին անոր վերելքին»:
Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց «Զուարթնոց» երգչախումբին, անոր ղեկավարին ու դաշնակահարին՝ դիտել տալով, որ «Զուարթնոց»ը պատերազմի տարիներուն կանգուն մնաց ու շարունակեց ծաղկեցնել սուրիահայութեան մշակութային կեանքը:
Ապա հայր սուրբը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Առաջին տիկնոջ առողջութեան եւ Սուրիոյ խաղաղութեան համար: