ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ այս շաբաթ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին սեմին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, որ վերցնէ Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ կամայականօրէն հաստատուած եւ արդէն իսկ ժամանակավրէպ դարձած ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան արգելքները, որոնք վնաս կը հասցնեն Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու ջանքերուն։
Նամակը համահունչ է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի կողմէ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած թիւ 190 բանաձեւին։
Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող եւ Մարտին պաշտօնապէս Քոնկրեսին ներկայացուած բանաձեւը, որ ցարդ ունի 20 համահովանաւորներ կոչ կ՛ընէ՝ վերցնելու Արցախ այցելելու դէմ դրուած արհեստական արգելքները՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ ազատ երթեւեկութիւն ու անխափան հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակով:
Հայ Դատի նամակին մէջ կը շեշտուի, որ երկխօսութեան եւ կարծիքներու ազատ փոխանակումով՝ կարելի պիտի ըլլայ «երկարատեւ եւ ժողովրդավարական լուծում մը գտնել Արցախի տագնապին»։ Հոն նաեւ կը շեշտուի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ունի ժողովրդավարական օրէնքները յարգող եւ փաստացիօրէն յաջողած կառավարութիւն մը, որուն հետ յարաբերութեանց դիմաց Միացեալ Նահանգները արգելք պէտք չէ դնէ:
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար՝ այցելել http://asbarez.com/181632 կայքէջը:
Արցախի ի նպաստ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն ծանօթանալու համար՝ այցելել anca.org/USArtsakh կայքէջը: