ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խումբ մը պոլսահայեր շաբաթավերջին յարգեցին յիշատակը Հնչակեան կուսակցութեան քսան անդամներուն, որոնք 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն կախաղան հանուեցան։ Հակառակ անոր, որ մասնակցողներու թիւը մեծ չէր, մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուած էին գերեզմանատան մօտ, ապահովական նկատառումներով։
Պէտք է յիշել, որ առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի ձեռնարկ մը կը կազմակերպուի եւ յատկապէս վերջին տարիներուն հնչակեան գործիչ Փարամազի եւ անոր գաղափարակից ընկերներուն հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն մը կ՛երեւի քաղաքին մէջ։
Կը պատմուի, որ Քսան կախաղաններու զոհերուն նահատակութենէն ետք, քահանայ մը զոհերուն անշունչ մարմինները ստանալով՝ թաղման հաւաքական արարողութիւն կատարած է Էտիրնէգաբուի գերեզմանատան մէջ, սակայն մինչեւ այսօր, հակառակ տարուած մեծ ճիգերուն, անոնց աճիւնները չեն յայտնաբերուած։