ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մէջ, 13 Յունիսին տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու հանդիպումէն ետք կազմակերպուած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Ֆրանսայի դիրքորոշումին:
Խօսելով Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24ը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի օր յայտարարելու որոշումին մասին՝ ան ըսաւ. «Եթէ Հայաստան վստահ է, թող ընդունի Ցեղասպանութեան հարցը քննող միացեալ աշխատանքային խումբ կազմելու մեր առաջարկը: Խումբին թող մաս կազմեն Ֆրանսա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանէն, ով որ կը փափաքի: Բանանք արխիւները»։ Ան աւելցուց, որ Անգարա պատրաստ է ընդունելու աշխատանքային խումբին ուսումնասիրութիւններուն եզրակացութիւնը։