ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով այս շաբաթ շարունակուած դատավարութեան 12 Յունիսի նիստին հարցաքննուեցան ձերբակալուած եւ ազատ մնացող քանի մը մեղադրեալներ: Անոնց մէջ ուշագրաւ էին Պոլսոյ նախկին կուսակալներէն Մուամմեր Կիւլերի բացատրութիւնները: Ան նախ յիշեցուց, որ այս ոճիրին վերաբերեալ նախապէս թէ՛ խորհրդարանի հարցաքննիչ յանձնախումբին եւ թէ այլ հաստատութիւններու բացատրութիւններ փոխանցած է:
Ինչպէս ծանօթ է, Հրանդ Տինք 24 Փետրուար 2004ին, Աթաթիւրքի հոգեզաւակին՝ Սապիհա Կէօքչենի հայ ըլլալուն մասին լուրը հրատարակելէ ետք հրաւիրուած էր Պոլսոյ կուսակալութիւն եւ հոն իրեն «զգուշացում» կատարուած էր «յարմար լեզուով մը»: Հրանդ Տինք այս զգուշացումը ընկալած էր իբրեւ սպառնալիք:
Այս մասին Կիւլեր դիտել տուաւ, թէ ոճիրը գործուած է այդ հանդիպումէն երկու տարի եւ գրեթէ 11 ամիս ետք, «սակայն որովհետեւ Հրանդ Տինք այս մասին գրած էր սպանութենէն անմիջապէս առաջ, այնպիսի տպաւորութիւն մը գոյացաւ, թէ ոճիրը կատարուած է այդ հանդիպումին պատճառով»: Ան աւելցուց՝ ըսելով. «Հանդիպումին գլխաւոր նպատակն էր՝ այդ լրատուութեան մասին իրմէ լրացուցիչ տեղեկութիւններ լսել եւ մանաւանդ լրատուութեան աղբիւրը իմանալ: Հրանդին հետ խօսողը կուսակալութեան փոքրամասնութիւններու հարցերու պատասխանատու պաշտօնեան էր: Այդ հանդիպման մէջ ոչ սպառնալիք կար, ոչ ալ որեւէ ճնշում: Այդ հանդիպումին պահանջը եկած էր այդ պաշտօնեայէն, որովհետեւ լրատուութիւնը դժգոհութեան ալիք մը ստեղծած էր եւ ուզած էինք հասարակութիւնը լուսաբանել: Տինք անցնող ժամանակին հետ կրնար այս մասին գրել, բայց ան լռութիւն պահեց մինչեւ ոճիրին նախորդող օրը»:
Այս բացատրութիւններէն ետք, Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպան Հաքան Պաքըրճըօղլու յիշեցուց, թէ նման սպառնալիքներու թիրախ դարձած վիպագիր Օրհան Փամուք առանց իր կողմէ պահանջ մը ներկայացուելու, պաշտպանուած էր՝ անոր թիկնապահ մը տրամադրելով, ապա հարցուց, թէ ինչո՛ւ նման միջոցառում մը չէ որդեգրուած Տինքի պարագային:
Կիւլեր տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Ինք նման պահանջ մը չէր ներկայացուցած: Այս մասին կանոնագրութիւնը յստակ է: Ըստ կանոնագրութեան՝ լրաքաղութեան բաժիններն են, որոնք թիկնապահի պաշտպանութիւն կը պահանջեն: Տինքի համար այսպիսի պահանջ մը չէր կատարուած: Նոյն ժամանակներուն Մութաֆեան պատրիարքը պաշտպանութեան համար դիմում կատարած էր եւ այդ դիմումն ալ արժանի կերպով գնահատուած պետութեան կողմէ»: