Շաբաթ, 8 Յունիսին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց Այնճար, ուր կարճ հանդիպում ունեցաւ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներ եւ Այնճարի քաղաքապետը:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այցելեց նաեւ քաղաքապետարան, ուր ծանօթացաւ նորակառոյց թանգարանի շինարարական աշխատանքներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց «Այնճարի կարեւորութիւնը եւ Հայակերտման եւ հայկական արժէքներու պահպանման սուրբ գործը, որ կը կատարուի՝ մնալով պատնէշի վրայ»: