9 Յունիսին, Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄի մարզադաշտին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 101րդ տարեդարձը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէին, ՀՄԸՄ-ՀԵՄին, Համազգայինի «Օշական» մասնաճիւղին, ՀՕՄի «Սօսէ» մասնաճիւղին, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան, Լարնաքայի Հայ ակումբին, Լիմասոլի Հայ Երիտասարդական Միութեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբին, Համազգայինի «Սիփան» պարախումբին, «Նանօր» պարախմբի եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄի նուագախումբին կողմէ:
Ձեռնարկին մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: