ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յունիսին հաստատեց կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն, Լեւոն Մնացականեան կը հեռացուի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանք մը սկսելու պատճառով:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ նոյն օրը, նախագահը հաստատեց կառավարութեան այլ որոշում մը, որուն համաձայն՝ Վլատիկ Խաչատրեան կը նշանակուի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն՝ հեռացուելով ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի պաշտօնէն:
Երկրին ղեկավարը ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն՝ Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Իգոր Գրիգորեան կը հեռացուի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանքի անցնելուն պատճառով:
Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրեց այլ հրամանագիր մը՝ Լեւոն Մնացականեանը Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ նշանակելուն վերաբերեալ:
Բակօ Սահակեանի նոյն օրը ստորագրած այլ հրամանագիրով մը՝ Իգոր Գրիգորեանը նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական-Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ:
Նախագահ Սահակեան, 11 Յունիսին այցելեց Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանատունը եւ անձնակազմին ներկայացուց նորանշանակ ոստիկանապետ Լեւոն Մնացականեանը՝ անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:
Երկրին ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Իգոր Գրիգորեանին՝ անոր գործունէութեան համար:
Նոյն օրը, նախագահը այցելեց Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան գրասենեակը եւ անձնակազմին ներկայացուց ծառայութեան նորանշանակ տնօրէն Վլատիկ Խաչատրեանը՝ անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք: