ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց որոշում մը՝ Նարինէ Խաչատուրեանը (Թուխիկեան) կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան փոխնախարար նշանակելուն վերաբերեալ:
Վարչապետին որոշումը հրապարակուեցաւ կառավարութեան e-gov.am կայքին վրայ:
«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9րդ յօդուածի 1ին մասով՝ Նարինէ Խաչատուրեանին նշանակել կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարարի տեղակալ», կ՛ըսուի որոշումի գրութեան մէջ: