Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանէն արտագաղթելով Պոլիս հաստատուած Սարգիս եւ Արփինէ ամոլին:
Յիշեցնենք, որ շուրջ երկու շաբաթ առաջ, Արփինէն Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած էր: Այս ցաւալի եւ սարսափելի դէպքին իբրեւ հետեւանք՝ Սարգիսը եւ Արփինէն ներկայիս կ՛ապրին վախի մէջ: Մատնուած ըլլալով խոր մտահոգութեան՝ անոնք լքած են Սամաթիոյ իրենց բնակարանը եւ ներկայիս կը հիւրընկալուին ուրիշ տան մը մէջ: Սամաթիոյ մէջ պատահած այս դէպքը այսքան ժամանակէ ի վեր նոյնիսկ մասամբ չէ լուսաբանուած: Արփինէն իր բնակարանին մէջ դաշունահարուած է երկու ծայրայեղականներու կողմէ:
Արամ արք. Աթէշեան այցելութեան ընթացքին իր հայրական օրհնութիւնը եւ բարոյական զօրակցութիւնը յայտնեց Սարգիս եւ Արփինէ ամոլին:
Աթէշեան հետաքրքրուեցաւ դէպքի մանրամասնութիւններով եւ յաջորդած իրադարձութիւններով: Ընդհանուր փոխանորդը նոյն ատեն աղօթք արտասանեց Արփինէին վրայ, որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել այս մեծ ցնցումը: Արամ արք. Աթէշեան այցելութեան ընթացքին ընդգծեց, որ պատրիարքական աթոռը կը շարունակէ Անվտանգութեան տնօրէնութեան հետ շփման մէջ մնալ եւ իրադարձութիւններուն պիտի հետեւի՝ մինչեւ որ յանցագործները հաշիւ տան օրէնքին առջեւ: Միւս կողմէ, Սարգիս եւ Արփինէ ամոլը արդէն որոշած են մօտ օրէն վերադառնալ Հայաստան: