ԱԹԷՆՔ.- Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 2020ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի առաջնորդութեամբ՝ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ 11 Յունիսի երեկոյեան ճակատեցաւ Յունաստանի հաւաքականին դէմ։
Մրցումը աւարտեցաւ Հայաստանի՝ 3-2 յաղթանակով (կիսախաղ՝ 2-0), որուն շնորհիւ Հայաստան այժմ կը գրաւէ խմբակին երրորդ դիրքը, 4 մրցումներէ ետք ապահովելով 6 կէտ։
8րդ վայրկեանին, Ալեքսանտր Կարապետեան շատ նեղ անկիւնէ մը նշանակեց մրցումին առաջին կօլը, փոխանցում մը ստանալով Տիգրան Բարսեղեանէն, իսկ մրցումին հաշիւը կրկնապատկեց Գէորգ Ղազարեան, փոխանցումը ստանալով Կամօ Յովհաննիսեանէն։
Բ. կիսախաղի 54րդ վայրկեանին, Յունաստանի կազմէն Զեքա կօլ մը նշանակեց, սակայն անկէ 20 վայրկեան ետք, Տիգրան Բարսեղեան կրցաւ նշանակել Հայաստանի երրորդ կօլը, խմբապետ Հենիկ Մխիթարեանէն փոխանցում մը ստանալէ ետք։

Յունաստան կօլ մը եւս նշանակեց Քոսթաս Ֆորթունիսի միջոցաւ (87րդ վայրկեան)։
Խմբակին միւս մրցումներուն ընթացքին, առաջատար Իտալիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը՝ Պոսնիան, իսկ Լիխթընշթայն իր դաշտին վրայ 0-2 արդիւնքով պարտուեցաւ երկրորդ դիրքը գրաւող Ֆինլանտայէն։
Զտումի մրցումները պիտի շարունակուին Սեպտեմբեր 5ին, երբ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Իտալիան։
Աւելցնենք, որ Հայաստանի մինչեւ 21 տարեկաններու ֆութպոլի հաւաքականը եւս 11 Յունիսին 1-0 արդրիւնքով պարտութեան մատնեց Մոլտովայի հաւաքականը, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին։ Մրցումին որբ կօլը 39րդ վայրկեանին փենալթիով նշանակեց Ռուդիկ Մկրտչեան: