ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առողջապահութեան նախարարութիւնը հանրային փակ վայրերու մէջ ծխելը արգիլող օրէնսդրական նախաձեռնութեան վերջին լրամշակումը աւարտած եւ արդէն ուղարկած է կառավարութեան: Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յոյս յայտնեց, որ օրինագիծը Ազգային ժողովի օրակարգի վրայ կը դրուի ամրան ընթացքին:
«Յոյս ունեմ, որ ամառուայ ընթացքում օրէնքի նախագիծը կը գայ Ազգային ժողով: Վերջին լրամշակումը կառավարութիւն է ուղարկուել մի քանի օր առաջ», նշեց Թորոսեան:
Նախագիծը արդեօք ունի՞ քաղաքական աջակցութիւն. այս հարցումին պատասխանելով՝ Թորոսեան յայտնեց, որ նախագիծը ունի ապացուցողական աջակցութիւն, որ պէտք է աւելի վեր դասուի, քան քաղաքական նպատակայարմարութիւնը:
«Ծխախոտային արտադրատեսակների օգտագործման բացասական ազդեցութեան նուազեցման եւ կանխարգելման մասին» օրէնքի նախագիծով արգիլուած վայրերու մէջ ծխելու համար նախատեսուած են մեծ գումարի տուգանքներ: