ՄԱՆՈՒՇԱԿ ԼԱԳԼԱԳԵԱՆ ՏԷԿԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Մայիսի առաւօտեան, Լա Քրեսենթայի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան հայ կեդրոնին մէջ: Կեդրոնը կը վխտար աշակերտներու ծնողներով եւ պարագաներով։
Ներկայ էր ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ եւ վարժարանիս կապ Լինտա Գանտիլեան, «Թալին» մասնաճիւղի ատենապետուհի Լիզա Սանդիկեան, վարժարանի վարչական կապ Ծաղիկ Գատեան եւ վարչական ընկերուհիներ:
Հանդէսը սկիզբ առաւ աշակերտներու ուրախ մուտքով, որմէ ետք վարժարանի տնօրէնուհի Մայտա Գոճանեան ողջունեց ներկաները իր խնդակցութիւնը յայտնելով օրուան առթիւ, ապա հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց վարժարանին բեղուն գործունէութիւնը՝ յիշելով, որ անիկա լաւագոյնս արդարացուցած է իր առաքելութիւնը, բծախնդրօրէն եւ մանկավարժական մօտեցումներով իրագործած է իր ուսումնական ծրագիրը՝ նշելով ազգային տօնակատարութիւնները, մշակութային տօները, նաեւ իր մասնակցութիւնը բերելով խնամակալ մարմինի նախաձեռնութիւններուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄին, խնամակալ մարմինին, «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան, Լիզա Տէր Պետրոսեանին եւ Նոյեմի Լօխմանեանին՝ շաբաթական դրութեամբ սիրայօժար ծառայութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողաց խորհուրդին ու անհատ բարերարներուն՝ իրենց ազգանուէր ծառայութեան համար։ Իր խօսքին աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, որ շրջանցելով դժուարութիւններ՝ ճիգ չէ խնայած կերտելու հայ աշակերտը հայու ոգիով եւ հայավայել նկարագիրով, կենցաղով եւ մանաւանդ չմոռնալով ծնողները, որոնք իրենց զաւակները վստահած են հայ դպրոցին, հաւատալով անոր եզակի առաքելութեան:
Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ մաղթելով, որ անոնք դառնան իրենց ծնողքին, ազգին ու հայրենիքին պատուաբեր անհատներ:
Յայտագիրը սկսաւ աշակերտներուն եւ ներկաներուն միաբերան Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ։ Ապա անոնք երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը ՀՕՄի վարժարաններու քայլերգը եւ արտասանեցին հայ աշակերտին ուխտը:
Իրագործուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը. Մայտա Գոճանեանի աշակերտները ելոյթ ունեցան անհատական ոտանաւորներով, որոնցմէ ետք Նուշիկ Ետալեանի աշակերտները արտասանեցին անհատական ոտանաւորներ։ Իսկ Սեւան Մինասեանի աշակերտները անհատաբար արտասանեցին, ապա միասնաբար ներկայացուցին Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» քերթուածը նուիրուած բանաստեղծուհիին ծննդեան 100ամեակին: Այնուհետեւ, բոլոր աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ երգեցին փունջ մը ազգագրական եւ հայրենասիրական երգեր եւ «Տուն Իմ Հայրենի» մեներգը երգեհոնի ընկերակցութեամբ:
Մանուշակ Տէկիրմէնճեանի դասարանէն աշակերտ մը արտասանեց «Հայու Ոգին», ապա երեք աշակերտներ անհատաբար ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Լուսաւորիչի Կանթեղը» քերթուածը, իսկ այլ աշակերտ մը ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի հակիրճ կենսագրականը։
Դասարանի բոլոր աշակերտները ներկայացուցին «Անխելք Մարդը» թատերախաղը՝ նուիրուած Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին: Շրջանաւարտ աշակերտները ներկայացուցին իրենց սրտի խօսքը եւ շնորհակալութիւն յատյնեցին իրենց սիրելի վարժարանին, ուր սորվեցան մայրենի լեզուն եւ ազգին ու հայրենիքին հերոսական պատմութիւնը ու զգացին հայ ըլլալու հպարտութիւնը։ Անոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին ուսուցիչներուն, որոնք հոգատար եւ համբերատար կը սորվեցնեն հայերէնը եւ մեր հարուստ մշակոյթը: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ ծնողներուն՝ զիրենք հայկական վարժարան ուղարկած ըլլալնուն համար:
Արդարեւ, սոյն ձեռնարկը լաւագոյն պատգամն էր դարերէն եկած եւ դէպի դարերը գացող յաղթական հայուն։ Աշակերտները մեծ ոգեւորութեամբ դրսեւորեցին հայ ապրելու եւ գոյատեւելու իրենց վճռակամութիւնը։ Անոնք իսկապէս ծաղկեցուցին հայ հոգին եւ հայ լեզուն իրենց մատղաշ շրթունքներուն վրայ, միտքով փոխադրելով ներկաները հայրենիք, սրբազան Արարատ լեռը եւ կապոյտ Սեւանը:
Ներկաները հոգեկան գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ ծափողջոյններով գնահատեցին աշակերտները։ Ատենապետուհի Լիզա Սանդիկեան եւ տնօրէնուհի Մայտա Գոճանեան վկայական բաշխեցին չորս շրջանաւարտներու՝ Մայտա Յարութիւնեանին, Մայք Արապաթլեանին, Նաթալի Միքայէլեանին եւ Փաթիլ Օհաննէսեանին:
Վարժարանի ծնողք հանգուցեալ Մարիամ Օհաննէսեանի յիշատակին նուիրատուութենէն գոյացած գումարէն (օրինակելի աշակերտ) նիւթական գնահատանքը ստացան հինգ աշակերտներ:
Բեմ հրաւիրուեցաւ խնամակալ մարմինի անդամ, վարժարանիս կապ Լինտա Գանտիլեանը։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց՝ ի տես աշակերտներու շքեղ իրագործումին, երբ ներկայիս հայութեան սպառնացող մարտահրաւէրներ հայ նկարագիրի անվայել կեցուածքներ կը խաթարեն մեր ինքնութիւնը։ Ան փորագրիչ անուանեց հայ ուսուցիչը, որովհետեւ ան աշակերտին միտքին եւ հոգիին մէջ կը փորագրէ հայ մարդու կերպարը, նկարագիրն ու վարքը: Ան գնահատեց տարուած աշխատանքը՝ կարեւոր համարելով ուսուցիչին դերը հայապահպանման գործին մէջ։
Ապա ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու ընդհանուր զարգացման մրցանքին մասնակցած տասը աշակերտներու հաստատագիրներ բաշխեց՝ բարձր որակելով իրենց պատրաստուածթիւնը:
Աւարտին, ատենապետուհի Լիզա Սանդիկեան բարձր գնահատեց աշխատանքը տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն, որոնք սահմանափակ ժամանակի մէջ կրցած էին նման հանդէս պատրաստել։ Ան վարչութեան անունով բեմ հրաւիրեց Լիզա Տէր Պետրոսեանը եւ Նոյեմի Լոխմանեանը՝ գնահատելու իրենց սիրայօժար ծառայութիւնը։ Ան հրաւիրեց նաեւ տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը՝ վարչութեան անունով ծաղկեփունջեր փոխանցելու անոնց՝ առ ի գնահատանք իրենց աշխատանքին:
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ, այնուհետեւ բոլոր ներկաները ուղուեցան կեդրոնի շրջաբակը հիւրասիրուելու վարչութեան կողմէ ներկայացուած ճաշատեսակներով եւ անուշեղէնով, հայաբոյր ու ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին հանդէսի յաջողութեան:
Բարի երթ «Թալին» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանին: