ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6-7 Յունիսին, աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Ռուսիա՝ մասնակցելու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային տնտեսական համաժողովին, որուն ընթացքին ան հանդէս պիտի գայ ելոյթով:
Այցելութեան ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Նախատեսուած են վարչապետի այլ հանդիպումներ զանազան երկիրներու առաջնորդներու, կառավարութիւններու ներկայացուցիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:
Փաշինեան նաեւ պիտի հանդիպի Փեթերսպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: