ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութեան դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրի յանձնախումբի անդամ Լիլի Սաւատեան փոխանցեց իր տպաւորութիւնները՝ դէպի Ջաւախք կազմակերպուած բարեգործական առաքելութեան մասին։
Ան կը նկարագրէ, թէ ինչպէս կրթութեան մեծ կարեւորութիւն տուող մեծ թիւով աշակերտներ, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, մեծ հայրիկներուն եւ մեծ մայրիկներուն, ժամանեցին ՀՕՄի Ախալքալաքի կեդրոնը, սպասելով Հայ կրթական հիմնարկութեան պատուիրակութեան ժամանումին։
«Պայծար աչքերով եւ ամչկոտ» աշակերտներուն բաժնուեցան դպրոցական պայուսակներ եւ գրենական պիտոյքներու ծրարներ։
«Հայր մը իր հետ բերած էր իր չորս զաւակները, որոնցմէ ամենափոքրը առաջին դասարանի աշակերտ էր։ Մինչեւ համբերութեամբ սպասող ընտանիքին կարգը հասնիլը, արդէն իսկ քունի անցած էր առաջին դասարանցին։ Ապա, իրենց նուէրները ստանալով եւ ամչկոտ աչքերով՝ հեռացան։ Երբ կը վերադառնայինք, այդ չորսը դարձեալ տեսայ ճամբու եզրին։ Անոնք միասնաբար գետնախնձոր կը ճաշակէին երկու փոքր տոպրակներէ։ Զիս տեսնելով, անմիջապէս մօտեցան եւ մեծ ժպիտներով ինծի հրամցուցին իրենց համար արդէն իսկ անբաւարար թուացող գետնախնձորներէն։ Նախ չուզեցի, բայց անոնց ժպիտները ինծի յուշեցին, թէ մէկու մը մեծութիւնը կը չափուի ոչ թէ իր ունեցածով, այլ՝ տուածով», կը գրէ Լիլի Սաւատեան։
Նշենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութեան դպրոցական պիտոյքներու ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ 2007ին, երբ Հայաստան այցելող Սաւատեան ընտանիքի անդամները նկատեցին, թէ աշակերտները դպրոցական կենսական պիտոյքներու անմիջական կարիքը ունին: Այդ ծրագիրը վերջին 11 տարիներուն օժանդակութիւն հասցուցած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի դպրոցներէն աւելի քան 20,000 աշակերտներու: Այս ծրագիրին միջոցով, Միացեալ Նահանգներու դպրոցներու աշակերտները կրնան գործնականապէս օգնել Հայաստանի աշակերտներուն՝ նուիրելով դպրոցական պիտոյքներ, հոգեպէս բաւարարուելով, երբ իրենց նուիրատուութիւնները հասնին կարիքաւոր աշակերտներուն:
1950էն ի վեր, Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հանդիսացած է հայ կրթական շարժման ողնասիւնը: Անիկա օգնութեան հասած է հազարաւոր հայ աշակերտներու ու բազմաթիւ դպրոցներու, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Անոր գերագոյն նպատակը միշտ եղած է հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի տարածումը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ նուիրատուութիւններու համար՝ դիմել (818) 242-4154 թիւին, aef@aefweb.org հասցէին կամ այցելել www.aefweb.org կայքը: