ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 8 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, «Լարք» երաժշտանոցի արուեստավարժ ուսանողներու նուագախմբային համերգը տեղի պիտի ունենայ երաժշտանոցին «Թրբանճեան» սրահին մէջ (543 Arden Ave., Glendale, CA 91203), առաջնորդութեամբ խմբավար Րաֆֆի Միքայէլեանի։
Մուտքը ազատ է։
Գլխաւոր մենակատարներեն են՝ Նայիրի Արթունեանս, Լիլիթ Առաքելեան, Քենի Չուա, Տենիըլ Էյթան, Սոֆիա Հայտուք, Արթուր Քէշիշեան, Անտրէ Կիրակոսեան, Ռիչըրտ Միրզոյեան եւ Աշոտ Տէր Մարտիրոսեան։