ԵՐԵՒԱՆ.- Իր տեղեկկութիւնները «Կազեթէ Տուվար» լրատուական կայքէն քաղելով, Մելինէ Անումեան կը հաղորդէ, թէ 23 Մայիսին, Թուրքիոյ մէջ սկսած եւ մայրենի լեզուով մշակութային իրաւունքներու համար պայքարի նիւթով ցուցահանդէսին մէջ լուսարձակի տակ առնուած են նաեւ արեւմտահայերէնը եւ Համշէնի հայերէն բարբառը։
Աղբիւրին համաձայն՝ 1990ականներէն մինչեւ այսօր, Թուրքիոյ մէջ անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու պահպանման ուղղութեամբ պայքարին նուիրուած ցուցահանդէսի բաժինը կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ «Լեզուի մը հետքերով. 90ականներէն մինչ այսօր մշակութային ոլորտին մէջ պայքարը մայրենի լեզուի պահպանման նպատակով»։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 17 Յունիս, Պոլսոյ «Քարշը Սանաթ» ցուցադրասրահին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են վերջին 30 տարիներուն այդ բնագաւառին մէջ կատարուած աշխատանքները: Անիկա առաւելապէս կեդրոնացած է չերքեզերէնի, արեւմտահայերէնի, Համշէնի բարբառի, քրտերէնի եւ լազերէնի պահպանման ուղղութեամբ կատարուած քայլերուն վրայ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան տուեալներուն համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ խօսուող շուրջ 20 լեզուներ բոլորովին անհետացման վտանգին տակ են: Անոնց մէջ են՝ արեւմտահայերէնը, Համշէնի բարբառը, պոնտական յունարէնը, ասորերէնը, աբխազերէնը, լազերէնը, չերքեզերէնը, գնչուներու գործածած ռումաներէնը եւ այլ լեզուներ ու բարբառներ: