ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութիւնը՝ «Թըրքիշ Էրլայնզ»ը, որ 2013էն ի վեր Պոլսոյ օդակայանէն միջազգային թռիչքներու բաժինին մէջ գտնուող իր կրպակներուն եւ օդանաւերուն մէջ թրքական այլ թերթերու կողքին, նաեւ ճամբորդներուն անվճար կը տրամադրէր հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթը, անակնկալ եւ միակողմանի որոշումով մը խզեց թերթին հետ կնքած համաձայնագիրին պայմանները:
Թերթին փոխանցուած գրութեան մէջ՝ իբրեւ հիմնաւորում միայն կը նշուի, որ որոշումը տրուած է «անհրաժեշտութիւնէ մեկնելով»:
Նշենք, որ «Ակօս» թերթը հիմնուած է 1996ին, Հրանդ Տինքի եւ խումբ մը բարեկամներու կողմէ։