ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 25 Մայիսի ամբողջ օրը, «Արմէնոֆաս»ի տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
«Արմէնոֆաս»ը Զուիցերիոյ եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբ մըն է, որուն կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի մէջ եւ ատենապետն է փրոֆ. Թենի Սիմոնեան: Ս. Աթոռին ներկայացուցիչներն են Յունասատնի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Ալէք Քէօշէեան եւ Հայկուհի Եաղճեան:
Յիշեալ յանձնախումբը կը շարունակէ Ցեղասպանութեան շրջանին զուիցերիացիներուն կողմէ հայ ժողովուրդին կատարուած ընկերային օգնութիւնը ու ցուցաբերուած բարեկամութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին «Արմէնոֆաս»ը քննարկեց շարք մը օրակարգի հարցեր՝ կազմակերպչական, տնտեսական, վարչական եւ ծառայական բնոյթ ունեցող:
Իր բացման խօսքին մէջ կաթողիկոսըը շեշտեց երեք կէտեր.- ա) «Արմէնոֆաս»ը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը՝ կենդանի պահելով հայ-զուիցերիական բարեկամութիւնը, բ) «Արմէնոֆաս»ը կոչուած է Զուիցերիոյ նոր սերունդին յիշեցնելու զուիրցերիացի ժողովուրդին զօրակցութիւնը Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ շարունակելու զայն ներկայ պայմաններու հրամայականին լոյսին տակ, եւ գ) «Արմէնոֆաս»ը պէտք է փոխէ իր գործունէութեան բնոյթը, նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները:
Ապա, հայրապետը առաջարկեց, որ յիշեալ երեք կէտերուն շուրջ յանձնախումբը քննարկումներ կատարէ թէ՛ հանդիպման ընթացքին եւ թէ յառաջիկային: Այս առիթով, վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներուն, որոնք վերանորոգ թափով կը շարունակեն իրենց գործակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ: