ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Կիրակի, 26 Մայիսի առաւօտեան, այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 101ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն 9ը: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Բարսեղ Կանաչեանի, Սիմոն Վրացեանի, Հրաչ Փափազեանի, Կարօ Սասունիի, Աւետիք Սահակեանի, Արշակ Յովհաննէսեանի եւ Լոլա Սասունիի շիրիմներուն:
Մայիսեան յաղթանակներու ծիրին մէջ մասնաւորապէս Լիբանանի գաղութը պարտաւորութիւնը պէտք է զգայ յիշելու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու այն նուիրեալներուն, որոնք Ցեղասպանութեան տաժանելի տարիներէն ետք կրցան հայ ժողովուրդը համախմբել, կազմակերպել, յաղթական ճակատամարտեր եւ հողային նուազագոյն կորուստով գծել այսօրուան Հայաստանի սահմանները: Ազգային այս արժէքներուն աճիւնները կը հանգչին Լիբանանի մէջ, եւ անոնց անմահացած վաստակը ոգեւորութեան աղբիւր է, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդները շարունակեն անոնց սկսած երթը եւ կերտեն մեր բոլորին նպատակը հանդիսացող՝ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ