ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Կարօտ Սասունեան կը գրէ, թէ չորս տարուան դադարէ ետք, 28 Մայիսին, Հայաստանէն եկած խումբի մը հետ կրցած է Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցի մուտք գործել: «Վերջապէս եկեղեցւոյ վերանորոգումը սկսաւ, եւ չորս տարուան դադարէ մը ետք դարձեալ կրցանք մոմ վառել ու աղօթել այնտեղ: Նման իրադարձութեան զուգադիպիլը 28 Մայիս 1918ին հիմնուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 101ամեակին հետ, մեզ ուրախացուց: Այդ առթիւ կը շնորհաւորեմ մեր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը», կը գրէ ան։
Յիշեցնենք, որ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական բանակին միջեւ 2015ին տեղի ունեցած բախումներուն իբրեւ հետեւանք՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին մեծ վնասներ կրած էր: Եկեղեցին 2011ին վերանորոգուած էր:
Բախումներու պատճառով, 2015էն ետք եկեղեցւոյ թաղ մուտքը արգիլուած էր: Հոն կը գտնուին նաեւ այլ եկեղեցիներ՝ Սուրբ Գէորգ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Սուրբ Փրկիչ Հայ աւետարանական եկեղեցին եւ ասորիներու Սուրբ Աստուածածինը:
2015էն ետք, Անգարա Սուր շրջանի քանի մը թաղամասեր մուտքը արգիլելով՝ մօտաւորապէս 3500-4000 տուներ եւ կալուածներ պետականացուց: Անոնց շարքին էր նաեւ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին: Միայն եկեղեցւոյ ղեկավար խորհրդին եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ջանքերուն շնորհիւ, եկեղեցին վերադարձուեցաւ ղեկավար խորհուրդին: