ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ, քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ «քննարկուեցան զարգացող ռուս-ատրպէյճանական կապերը եւ տարբեր մակարդակներու վրայ յառաջիկայ շփումները»:
Ալիեւ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին՝ արեւմտեան Ռուսիոյ Սուրկութ քաղաքի օդակայանը քարիւղի հանքերու նշանաւոր յայտնաբերող Ֆարման Սալմանովի անունով կոչելու որոշումին համար։