ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահ Աճլան Աճլան իր հայրենակիցներուն կոչ ուղղեց՝ հեռու մնալու Թուրքիայէն, ազդարարելով, որ հոն առեւտուր ընելը վտանգաւոր է։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ սէուտցի գործարարները Թուրքիոյ մէջ կը հետապնդուին եւ յաճախ կը դառնան խաբէութեան զոհ:
Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ երկրի առեւտրատնտեսական պալատը բողոքներ ստացած է Թուրքիոյ մէջ սէուտացի ներդրողներէ, որոնք հարցեր ունեցած են ներդրումներու պատճառով։
Անդրադառնալով զբօսաշրջութեան ոլորտին՝ Աճլան կը պնդէ, որ Սէուտական Արաբիայէն Թուրքիա մեկնող զբօսաշրջիկները հետապնդումներու կ՛ենթարկուին եւ կ՛արժանանան վիրաւորական վերաբերմունքի, որուն իբրեւ հետեւանք ան սէուտցիներուն կոչ ըրաւ՝ հեռու մնալու Թուրքիայէն եւ զբօսաշրջութեան համար մեկնելու Եգիպտոս, Տուպայ եւ այդպիսի «եղբայրական» երկիրներ:
Նաեւ, վերջերս Ռիատի նահանգապետ Ֆայսալ պըն Պանտար իշխանը հիւրասիրութեան մը ընթացքին գաւաթ մը սուրճ վերցուցած էր, սակայն տեղեկանալով, որ անիկա թրքական արտադրութիւն է, մերժած էր սուրճը խմել: Միջադէպը մամուլին մէջ մեծ արձագանգ գտած էր եւ կասկածներ յարուցած, թէ Ռիատ Թուրքիոյ դէմ պոյքոթի արշաւի մը նախաձեռնած է:
Նախապէս Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը յայտարարութիւն մը հրապարակած էր ահազանգելով, որ Թուրքիոյ մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերել ուզող սէուտցի քաղաքացիները յաճախ գումարներ կը վճարեն, սակայն իրենց գոյքը ստանալ չեն կրնար:
Թուրքիոյ մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերող օտարազգիներու շարքին երկրորդ տեղը կը գրաւեն սէուտցիները: Օտարահպատակներու գնած շուրջ 122,000 բնակարաններուն 10.3 առ հարիւրը գնած են սէուտցիները, իսկ Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու թիւով սէուտցիները կը գրաւեն 11րդ դիրքը: 2018ին մօտաւորապէս 628,000 սէուտցի զբօսաշրջիկ այցելած էր Թուրքիա: