ՄՈՍԿՈՒԱ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Քրեմլինը 31 Մայիսին յայտարարեց, թէ հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ ապաստանած ահաբեկիչներուն եւ ապստամբներուն զսպումը Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնն է, անուղղակիօրէն մերժելով շրջանին մէջ զինադադար հաստատելու Անգարայի կոչերը։
Արդարեւ, Հինգշաբթի գիշեր, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ, խնդրելով անկէ, որ ճնշում բանեցնէ Սուրիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որ կասեցնեն Իտլիպը վերագրաւելու սուրիական բանակին յարձակումը, որ գաղթականներու նոր հոսք մը կը մղէ դէպի Թուրքիա։
Ուրբաթ օրուան յայտարարութեան մէջ Մոսկուա շեշտեց, թէ սուրիական յարձակումները հակադարձութիւն մըն են Իտլիպի ապստամբներէն եկող յարձակումներուն։
«Իտլիպի մէջ զինադադարի նոր համաձայնութեան մը կարիքը չունինք, այլ պէտք է կասեցնել ահաբեկիչներու յարձակումները քաղաքացիական թիրախներու եւ մեր ուժերուն վրայ», յայտարարեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով։
Յիշեցնենք, որ Իտլիպ ապաստանած են Սուրիայ զանազան շրջաններու մէջ պարտութիւն կրած իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութեանց անդամ ահաբեկիչներ եւ Սուրիոյ կառավարութեան դէմ պայքարող ապստամբներ։