ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ նախագահ Թրամփ այս շաբաթ այցելութեամբ մը կը գտնուի Ճափոն, ճիշդ ժամանակն է մեկնաբանելու Ճափոնի վարչապետ Շինծօ Ապէի՝ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի համար Թրամփի առաջադրումը: Այդ առաջադրման մասին յայտարարած է ոչ ուրիշ մէկը, քան անձամբ ինք՝ նախագահ Թրամփ՝ պարծենալով, որ Ապէ իրեն տուած է օրինակը «հինգ էջնոց ամէնէն գեղեցիկ նամակին, զոր ան ուղարկած է բոլոր անոնց, որոնք կը բաժնեն Նոպելեան մրցանակ կոչուող պարգեւը»:
Ճափոնական «Ասահի» թերթը հաղորդեց, որ նախագահ Թրամփ ինք խնդրած է Շինծօ Ապէէն՝ իր թեկնածութիւնը առաջադրել: Ապէ հրաժարեցաւ հաստատելէ թեկնածութեան առաջադրումը, յղում ընելով Նոպելեան յանձնախումբի քաղաքականութիւնը՝ չբացայայտել թեկնածուն մինչեւ մրցանակը ստանալէն 50 տարի ետք: Երբ խորհրդարանին մէջ Ապէին հարցուցին, թէ արդեօք հաւաստի՞ է լուրը՝ ան պատասխանեց. «Ես չեմ ըսեր, թէ անիկա ճիշդ չէ»:
Յունիս 2018ին, երկու նորվեկիացի օրէնսդիրներ արդէն առաջադրած էին Թրամփի թեկնածութիւնը Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին: Հետաքրքրական է, որ Փետրուար 2018ին, Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբը յայտարարեց, որ նախագահ Թրամփի համար Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի երկու առաջադրումները կեղծ են: Աւելին, անցեալ տարի Քոնկրեսի 18 հանրապետական անդամներ միացեալ նամակ յղած էին Նորվեկիոյ Նոպելեան յանձնախումբին՝ առաջադրելով Թրամփի թեկնածութիւնը 2019ի Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին:
Ճափոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի առաջադրումը քաղաքական մեծ իրարանցում յառաջացուց շրջանակին մէջ ներքին ընդդիմութեան առաջնորդներու, որոնք կը բողոքէին Շինծօ Ապէի ըրածին դէմ: Ճափոնի Սահմանադրական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող օրէնսդիր Ճունիա Օքաւա քննադատեց նախագահ Թրամփի՝ Փարիզի կլիմայի պայմանագիրէն եւ Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրէն հեռանալը, այլեւ անոր որոշումը՝ դադրեցնելու միջին հեռաւորութեան միջուկային հրթիռներու պայմանագիրը եւ Իսրայէլի մէջ՝ անոր կողմէ ամերիկեան դեսպանատան տեղափոխումը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ: Այս գործողութիւնները, ըսաւ Օքաւա, «անկարելի կը դարձնեն անոր առաջադրումը Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի, եւ ասիկա ամօթալի է Ճափոնի համար»:
Ճափոնի վարչապետին կողմէ Թրամփի՝ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի առաջադրման պատճառը այն էր, որ Ճափոնի ղեկավարը հասկցած էր՝ շողոքորթութիւնը լաւագոյն միջոցն է Թրամփի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու համար: Ըստ երեւոյթին, միասին անցուցած կոլֆի անհամար խաղերը բաւարար չէին եղած: Ճափոն երեք խնդրանքներ ունի նախագահ Թրամփէն.
- Ձգտիլ Թրամփի աջակցութեան, որպէսզի Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Ճոն Ունի եւ Ճափոնի վարչապետին միջեւ հանդիպում մը կազմակերպուի՝ «անվերապահ» ապամիջուկայնացման քննարկման համար: Ասիկա կարեւոր խնդրանք է Ճափոնի համար, որովհետեւ վերջերս Հիւսիսային Քորէայի հրթիռները ինկած էին Ճափոնի տարածքային ջուրերուն մէջ կամ մերձակայ շրջանները կամ ալ անցած էին Ճափոնի տարածքին վրայէն՝ խուճապի մատնելով բնակչութիւնը:
- Համոզել Թրամփը՝ հրաժարելու իր յաճախակի սպառնալիքներէն՝ կիրարկելու ամերիկեան մաքսավճարներ ճափոնական ներմուծուող ապրանքներու, հիմնականին մէջ՝ ինքնաշարժներու վրայ. բան մը, որ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ Ճափոնի տնտեսութեան վրայ եւ խոչընդոտել Շինծօ Ապէի վերընտրութիւնը:
- Ստանալ Թրամփի զօրակցութիւնը՝ 1977էն 1982 թուականներուն Հիւսիսային Քորէայի կողմէ առեւանգուած Ճափոնի քաղաքացիներու տունդարձին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ:
Այսուամենայնիւ, Շինծօ Ապէի կողմէ Թրամփի թեկնածութեան առաջադրումը «անսպասելի էր, նկատի ունենալով Թրամփի յարձակողական՝ «Ամէն բանէ առաջ Ամերիկան» արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արհամարհական վերաբերումը միջազգային բազմակողմանի համագործակցութեան հանդէպ: Հիւսիսային Քորէայի հետ Միացեալ Նահանգներու բանակցութիւններու տապալումէն ետք… Նոպելեան մրցանակին յօժարիլը կը թուէր բոլորովին անտեղի է», կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը:
Մինչ Ճափոնի վարչապետը կրնայ ծանրակշիռ պատճառներ ունենալ նախագահ Թրամփը Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին առաջադրելուն մէջ, Նոպելեան յանձնախումբը սակայն աւելի լաւ պատճառներ ունի հրաժարելու դիմումէն՝ իր հեղինակաւոր մրցանակը չանարգելու համար, զայն յանձնելով՝ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս նման շարլաթան, ստախօս եւ խաբեբայ անձնաւորութեան մը: Թրամփ վիրաւորած է այլ ազգեր եւ կրօններ, վատ վերաբերած է փոքրամասնութիւններու եւ ներգաղթեալներու հետ եւ հրաժարած է Միացեալ Նահանգներու օրէնքները եւ միջազգային պայմանագիրները պահպանելէ:
Եթէ ոմանք կը կարծեն, թէ իմ հակառակութիւնը Թրամփի առաջադրման՝ կողմնակալութիւն է, պէտք է յիշեցնեմ, որ երբ նախագահ Պարաք Օպամա 2009ին Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ ստացաւ «արտասահմանեան դիւանագիտութեան եւ մարդոց միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման արտասովոր ջանքեր ցուցադրելուն համար», ես խմբագրական մը գրեցի՝ արտայայտելով ընդդիմութիւնս Օպամայի տրուած պարգեւին: Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակը Օպամային շնորհուած էր անոր նախագահութեան առաջին տարուան ընթացքին, ինչ որ շատ կանուխ էր անոր նուաճումները դատելու: Թրամփ քննադատած էր Օպաման՝ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ ստանալուն համար, եւ ոմանք կ՛ըսէին, որ ան կը փափաքի ստանալ Օպամայի ստացած նոյն պարգեւը, որովհետեւ կը նախանձի անկէ: Թրամփ ըսած էր. «Անոնք մրցանակը յանձնեցին Օպամային, իսկ ան նոյնիսկ չի գիտեր, թէ ի՞նչ բանի համար ստացած է զայն: Օպամա մօտաւորապէս 15 վայրկեան հոն էր եւ ստացաւ Նոպելեան մրցանակը»: Բացի Օպամայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երեք այլ նախագահներ՝ Թէոտոր Ռուզվելթ, Ուուտրօ Ուիլսըն եւ Ճիմի Քարթըր արժանացած են Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակին։
Թրամփի պարագային՝ ան արդէն երկու տարի ծառայած է իբրեւ նախագահ, եւ պարզ է, որ արժանի չէ որեւէ մրցանակի, ա՛լ չխօսինք Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի մասին:
Իրականութեան մէջ, ան նոյնիսկ արժանի չէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ, ինքնահռչակ «չափազանց կայուն հանճար»ի մը գործողութիւնները եւ յայտարարութիւնները առաւել եւս իրարու կը թշնամացնեն բազմաթիւ մարդիկ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, թէ՛ ամբողջ աշխարհի մէջ: Լորտ Աքթոն խորիմաստաբար գրած է. «Իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս»:
Զարմանալի չէ, որ նախագահ Թրամփ շարունակած է իր հակասական վարքագիծը շարք մը «թուիթ»ներ ուղարկելով Ճափոն գտնուելու առաջին իսկ օրուան առաւօտեան: Իր «թուիթ»ներէն մէկուն մէջ ան երեք սխալ կամ անճշդութիւն թոյլ տուած է.
- Ան համաձայնած է Հիւսիսային Քորէայի բռնապետ Քիմ Ճոն Ունի հետ այն մասին, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահութեան առաջատար թեկնածու Ճօ Պայտըն «ցած IQ ունեցող անձնաւորութիւն» է՝ այսպիսով խախտած ըլլալով ներքին տարակարծութիւններու մասին արտերկրի մէջ չխօսելու հին սկզբունքը.
- Ան Պայտընի անունը սխալմամբ գրած էր «Պիտան».
- Ան հակասած է ազգային ապահովութեան հարցերով իր խորհրդականներէն Ճոն Պոլթընի եւ Ճափոնի վարչապետի յայտարարութեան՝ ըստ որուն Հիւսիսային Քորէայի վերջին հրթիռներու արձակումը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու խախտում է:
Վերջապէս, նախագահ Թրամփ խոստովանեցաւ, որ ինք հաւանաբար երբեք չստանայ Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ: Առաջին անգամն ըլլալով ես համաձայն եմ իրեն հետ։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ