ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանական «մինվալ.ազ (minval.az) լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ ան կը յայտարարէ Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմն սկզբունքին:
Ատրպէյճանի անկախութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական իր ուղերձին մէջ Մաքրոն կը նշէ հետեւեալը. «Թոյլ տուէք անգամ մը եւս ընդգծելու Ֆրանսայի՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր, վճռական, ամբողջական եւ անկանխակալ մօտեցումը բանակցային ճանապարհով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար եւ երկարաժամկէտ կարգաւորման յանձնառութեան»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կը հաւաստիացնէ Ալիեւին, որ վճռական է «առաւել ամրապնդելու Պաքուի, Փարիզի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւնները»: