21 Մայիսին, Լա Հէյի մէջ տեղի ունեցաւ «Եուրոփա Նոսթրա» մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին ԹՈՒՄՕն ճանչցուեցաւ յաղթող՝ «Կրթութեան, վերապատրաստման եւ իրազեկման բարձրացման» անուանակարգին մէջ: Եւրոպայի ամէնէն հեղինակաւոր այս մրցանակաբաշխութիւնը կը կազմակերպուի Եւրոպական յանձնաժողովի ու Եւրոպայի ժառանգութեան պահպանման նշանաւոր ցանցին՝ «Եուրոփա Նոսթրա»ի կողմէ, գանձատրութեամբ՝ Եւրոպական Միութեան «Ստեղծարար Եւրոպա» ծրագիրին:
«Լաւ օրինակ կը հանդիսանայ Սմիթսոնեան հիմնարկութեան եւ CyArk-ի հետ միասնաբար կազմակերպուած նախագիծը, որուն ընթացքին խումբ մը ուսանողներ իրագործեցին Նորավանքի եւ Արենիի քարանձաւային համալիրի թուայնացումը», յայտնեց «Եուրոփա Նոսթրա»ի ներկայացուցիչը:
Նշենք, թէ այս տարի յատուկ մրցանակի արժանացան նաեւ Փարիզի հրշէջները, որոնք 15 Ապրիլին կրցան ամբողջական փլուզումէ փրկել Նոթր Տամ տաճարի հիմնական կառոյցը եւ այնտեղ գտնուող արուեստի նմուշները եւ իրերը:
Յաղթողները պիտի պարգեւատրուին յառաջիկայ 29 Հոկտեմբերին, Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական ժառանգութեան մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին: