26 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի Պետական խորհուրդի անդամ, արտաքին գործոց նախարար Վան Ինի հետ:
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Մնացականեան շնորհաւորեց իր գործընկերը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան հիմնադրութեան 70ամեայ յոբելեանին առիթով եւ ընդգծեց, որ դարերու խորքէն եկող հայ-չինական յարաբերութիւնները խարսխուած են երկու ժողովուրդներուն միջեւ խոր յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմանի օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ՝ կարեւոր նկատելով առեւտրական, տնտեսական կապերու եւ ենթակառուցուածքային ներդրումային ծրագիրներու խթանումը, գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութեան ոլորտներու փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման ուղղուած ծրագիրներու նախաձեռնումն ու իրականացումը:
Այս շրջագիծին մէջ կողմերը անդրադարձան «Մետաքսի ճամբայ տնտեսական գօտի» նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ միացեալ օրակարգի հետագայ ձեւաւորման եւ ընդլայնման հարցին:
Նախարար Մնացականեանի համաձայն՝ Հայաստանը Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները կը նկատէ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ շրջանային շարք մը հրատապ հարցերու:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց տագնապի հանգուցալուծման վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը: Այս առնչութեամբ նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց Չինաստանի աջակցութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման եւ բանակցային գործընթացին: Զրուցակիցները համակարծիք էին, որ տագնապը պէտք է ունենայ խաղաղ եւ քաղաքական լուծում միջազգային միջնորդական ձեւաչափի շրջագիծին մէջ՝ ի նպաստ շրջանի ժողովուրդներուն:
Զօհրապ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան միշտ հանդէս եկած է «Մէկ Չինաստան»ի սկզբունքին համապատասխան: Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ, քննարկուեցան շրջանային բազմակողմանի կառոյցներու ուղղութեամբ, այդ կարգին՝ Եւրասիական տնտեսական միութիւն-Չինաստան ձեւաչափով համագործակցութեան հետ կապ ունեցող հարցեր:
Հայաստանի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին յաջորդեց «Հայաստանի կառավարութեան եւ Չինաստանի կառավարութեան միջեւ սովորական անձնագիրներ կրող անձերու համար մուտքի արտօնագիրի պահանջի փոխադարձաբար վերացման մասին» համաձայնագիրի, «Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յանձնումին մասին» պայմանագիրի եւ «Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Չինաստանի մաքսային գլխաւոր վարչութեան միջեւ Հայաստանէն Չինաստան արտածուող մեղրի պարենային անվտանգութեան, ան-ասնաբուժական ոլորտին մէջ եւ բոյսերու պահպանութեան մասին» արձանագրութեան ստորագրման արարողութիւնը: