ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վրաստան-Թուրքիա սահմանին մօտերը գտնուող եւ մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող Ջաւախք շրջանի Քարցախ գիւղին մէջ, անասնապահ Սարգիս Գասպարեան անասուններ գողցող թուրքերու կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ։ Դէպքը պատահեցաւ 19 լուսցող 20 Մայիսի գիշերը։ Ըստ Գասպարեանի փոխանցած տեղեկութեան՝ գողերը յարձակում գործեցին իր խրճիթին վրայ։ Անոնք նախ սպաննեցին պահապան շունը, ապա հրացանի կոթով հարուածեցին զինք։ Անոր աչքերուն մէջ դեղ մը սրսկեցին, ձեռքերը կապեցին, ձեռնակապ անցուցին, բերանը փակեցին եւ հեռացան։ Գողերը իրարու հետ թրքերէն կը խօսէին։ Սակայն Գասպարեան յաջողեցաւ գողցուած անասունները վերադարձնել, երբ տակաւին գողերը չէին յաջողած անցնիլ սահմանին թրքական կողմը։
Կը հաղորդուի, որ այս դէպքը առաջինը չէ մերձակայ գիւղերուն մէջ եւ ցարդ բազմաթիւ գողութիւններու ընթացքին գողերը անասունները առաջնորդած են Թուրքիա։ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը դէպքին վերաբերեալ հարցաքննութեան ձեռնարկեց։