ԵՐԵՒԱՆ.- 24 Մայիսին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան եւ ԳԱԱի Պատմութեան հիմնարկին նախաձեռնած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան՝ 28 Մայիս 1919ի հռչակագիրը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որ նուիրուած էր անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հռչակման 100ամեակին:
Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ հռչակագիրին պատմական կարեւորութիւնը, վեր առնուեցաւ անոր քաղաքական նշանակութիւնը եւ հեռանկարները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ողջոյնի խօսքը արտասանեց Կիրօ Մանոյեան, որ անդրադարձաւ այդ հռչակագիրին քաղաքական նշանակութեան, ո՛չ միայն այդ օրերուն, այլ նաեւ մեր հայրենիքի այսօրուան եւ վաղուան համար, մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման՝ պատմական արդարութեան վերականգնման տեսանկիւնէն:
««Համաձայն հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքին եւ ցանկութեան», Հայաստանի կառավարութիւնը «Հայաստանի բաժան-բաժան մասերը մշտնջենապէս միացած» յայտարարեց: Իր այդ յայտարարութեամբ, Հայաստանի կառավարութիւնը կը հետեւէր Փետրուար 1919ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտահայ Բ. համագումարի յայտարարութեան՝ առ այն, «որ անիկա Հայաստանը միացեալ ու անկախ կը ճանչնայ: Կառավարութեան յայտարարութիւնը նաեւ իրաւական ձեւակերպում եւ հիմք կու տայ 1 Օգոստոս 1918ին, Հայաստանի օրէնսդիր մարմինի՝ խորհուրդի նախագահ Աւետիք Սահակեանի յայտարարութեան, «որ երկրի սահմանները քարացած չեն կրնար մնալ միշտ, ես կը հաւատամ, որ մեր երկրին սահմանները կ՛ընդարձակուին կեանքի երկաթէ ուժով, մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքներու պաշտպանութեամբ՝ գրաւուած հողամասերուն վերաբերեալ:
28 Մայիս 1919ի հռչակագիրը իրողական միջազգային ճանաչում ստացաւ 10 Օգոստոս 1920ին՝ ստորագրուած Սեւրի պայմանագիրով, իսկ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ յստակ սահմանագծում ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի 22 Նոյեմբեր 1920ի Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մասին իրաւարար վճիռով:
Այս իրաւական հռչակագիրները կը հանդիսանան իրաւական այն վէմը, որ նաեւ այսօր կը ճշգրտէ Հայաստան-Թուրքիա իրաւական սահմանը: Ահա, շուրջ երեսուն տարի է, որ Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութենէն կը պահանջէ հրաժարիլ այդ իրաւունքէն: Այն փաստը, որ վերանկախացումէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարածքային պահանջ չէ ներկայացուցած Թուրքիոյ, չի նշանակեր, որ հրաժարած է այդ իրաւունքէն: Սակայն, անհրաժեշտ է փոխել Հայաստանի Հանրապետութեան այդ պահուածքը եւ ձեռնարկել քայլերու, որոնք կ՛ամրագրեն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ հրաժարած այդ իրաւունքէն: Յատկապէս այս տեսանկիւնէն, անհրաժեշտ է պետականօրէն նշել այս իրաւական հռչակագիրներուն 100ամեակները՝ սկսելով Միացեալ Հայաստանի անկախութեան յայտարարութենէն», յայտնեց Մանոյեան՝ դիտել տալով, որ այսօրուան ներքաղաքական իրադարձութիւնները չեն կրնար պատճառ դառնալ, որ մենք՝ իբրեւ պետութիւն, անուշադրութեան մատնենք այս կարեւոր քաղաքական գիծը: «Տակաւին ժամանակ կայ եւ կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ քայլերու պիտի ձեռնարկեն, եթէ ոչ յառաջիկայ օրերուն, առնուազն յառաջիկայ շաբաթներուն: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը կարիքը ունի պատմական հիմնաւորումներու, վստահ եմ՝ այս գիտաժողովի նիւթերը բաւարար կ՛ըլլան բոլորը զինելու անհրաժեշտ փաստերով», ընդգծած է Կիրօ Մանոյեան: Այնուհետեւ ներկայացուեցան զեկուցումներ եւ կատարուեցան քննարկումներ: