ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին եւ համագործակցութեամբ Ամերիկահայ գործարարներու խորհուրդին, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու կազմակերպութեան, Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան եւ «Արփա» հիմնարկին, Շաբաթ, 1 Յունիսին, կ.ե. ժամը 2-4, հանրային հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի փոխադրական, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան հարցերու նախարար Յակոբ Արշակեանի հետ, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ (100 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202)։