ՀՕՄի Պըրպենքի «Արազ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը իր տարեվերջը նշեց իւրայատուկ ձեւով:
Ընդառաջելով ծնողներու փափաքին՝ աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, վարչութիւն եւ մասնաճիւղի անդամ ընկերուհիներ հաւաքուեցան Brand Park-ի մէջ, եւ երգելով, պարելով, Համբարձում տօնելով՝ ուրախ ժամանակ անցուցին:
Երգ ու պարէն ետք, աշակերտները ստացան իրենց վիճակացոյցները եւ հաստատագիրները:
Մասնաճիւղը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողքներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան դպրոցին:
Մասնաճիւղին ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ դպրոցի ուսուցիչներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով դասաւանդեցին հայոց լեզուն: