ՇԱՔԷ ԶՕՊԵԱՆ
«Մուսա լեռ» միութեան ընդհանուր ժողովը եւ վարչութեան անդամներուն ընտրութիւնը տեղի ունեցան 17 Մարտ 2019ին, Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ։
Ատենապետ Վրէժ Գէորգեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, վարչութեան անդամներէն Շաքէ Զօպեան կարդաց վարչութեան անցեալ երեք տարիներու գործունէութեան ատենագրութիւնը, ապա Վրեժ Գէորգեան առաջարկեց անցնիլ նոր վարչականներու ընտրութեան։
Վարչութեան անդամներէն Շաքէ Պօղիկեան, Կարին Քէսապլեան, Վրեժ Համմուտեան եւ Մովսէս Ուրֆալեան իրենց հրաժարականը տուած ըլլալով՝ առաջարկուեցաւ մնացեալ հինգ վարչականներու վերընտրութիւնը եւ չորս նոր անձերու անուններ՝ ամբողջացնելու համար վարչութեան կազմը։
Ներկաները միաձայնութեամբ ընտրեցին այն ինը անձերը, որոնք սիրայօժար յանձն առին աշխատակցիլ եւ արդիւնաբեր գործունէութիւն ունենալ յառաջիկայ տարեշրջանին։ Փոքր հիւրասիրութենէ մը ետք ընտրական ժողովը վերջ գտաւ։
28 Մարտ 2019ին տեղի ունեցաւ նորընտիր վարչութեան առաջին ժողովը եւ դիւանի ընտրութիւնը. Վրէժ Գէորգեան՝ ատենապետ, Յասմիկ Շէրպէթճեան՝ փոխատենապետ, Խաչեր Ադամեան՝ գանցապահ, Իսկուհի Թոփճեան՝ հաշուապահ, Շաքէ Զօպեան՝ ատենադպիր, Սեւան Քէշիշեան՝ փոխատենադպիր, Սալբի Պօղիկեան, Մակի Գասամանեան եւ Սիմոն Հապէշեան խորհրդատուներ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընտրեալ վարչութեան:
Այս Էջերը Կը Հովանաւորէ
Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութիւնը