ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակըս յայտարարեց, որ նկատուած են «նշաններ, որ Ասատի վարչակարգը, հաւանաբար, դարձեալ քիմիական զէնք կ՛օգտագործէ՝ ներառեալ 19 Մայիսի առաւօտեան, Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը: Մենք տակաւին տեղեկութիւն կը հաւաքենք միջադէպին մասին»:
Ան միաժամանակ ազդարարեց, որ «եթէ սուրիական վարչակարգը քիմիական զէնք օգտագործած ըլլայ, մենք եւ մեր դաշնակիցները շատ արագ պիտի հակադարձենք»:
Սակայն, Սուրիոյ մէջ գործող դիտորդական եւ լրատուական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ Կիրակի օրուընէ ի վեր նման յարձակումի մը մասին ոչ մէկ նշում կատարած են։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով, մեկնաբանելով ամերիկեան յայտարարութիւնը՝ յայտնեց, թէ Ռուսիա համաձայն է քիմիական զէնքի կիրարկման դէպքերու հետաքննութեան, սակայն ոչ մեղադրանքներուն: «Մենք տեղեկութիւններ ունինք, որ զինեալները մնայուն կերպով սադրանքներ կը նախապատրաստեն քիմիական զէնքի օգտագործումով: Սակայն այդ տուեալները մեր ամերիկացի գործընկերները, ինչպէս նաեւ անոնց դաշնակիցները ցուցադրաբար կ՛արհամարհեն», ըսաւ Ռիապքով: