ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս նոյնպէս անդրադարձաւ թրքական «Ֆաթիհ» նաւուն կողմէ բնական գազի որոնման աշխատանքներուն, որոնք ապօրինիաբար սկսած են Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ: Նախագահը շեշտեց, թէ այս հանգրուանին Եւրոպական Միութիւնը պետք է կտրուկ կերպով դէմ դնէ Թուրքիոյ այս ապօրինի արարքին, որ կու գայ աւելնալու անոր կողմէ շարունակուող շարք մը այլ ապօրինութիւններուն վրայ:
Փաւլոփուլոս նշեց, որ պէտք է պահանջել Թուրքիայէն, որ յարգանք ցուցաբերէ միջազգային օրէնքներու նկատմամբ եւ ազդարարել, որ հակառակ պարագային, եթէ Թուրքիոյ անարգալից վերաբերմունքը շարունակուի, վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ կրել:
Ան նաեւ շեշտեց, որ այս հարցին մէջ Կիպրոսին պաշտպանելը համազօր է Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան: