ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան յայտնի բանագնաց եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Հանան Աշրաուի, որ բազմաթիւ անգամներ Միացեալ Նահանգներ այցելած է եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած ամերիկացի նախագահներու եւ նախարարներու հետ, իր թոռնիկներուն այցելելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու արտօնութիւն չկրցաւ ստանալ։
73ամեայ դոկտ. Աշրաուի այս մասին գրած է. «Ոչ մէկ պատճառ տրուեցաւ։ Ընտրեցէք հետեւեալներէն մէկը. 70 տարիքը բոլորած եմ եւ մեծ մայր եմ, 1960ականներէն ի վեր պաղեստինեան իրաւանց պաշտպան մըն եմ, միշտ նեցուկ կանգնած եմ խաղաղ ընդդիմութեան»։
Նշենք, որ Աշրաուի խստօրէն քննադատած է պաղեստինեան հարցը «լուծելու» նպատակով ամերիկեան նեկայ վարչակազմին փորձերը։