ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր անդրանիկ մայրամուտն է. աշակերտները Երեւանի «Կասկատ» համալիրի լայն աստիճաններուն վրայ նստա՝ծ կը դիտեն «Վարդագոյն քաղաքը»: Դասարանին մէջ բոլորը սորված էին, թէ հայոց նորագոյն ոստանը այդ քնարական մականունը ունէր: Բայց անոնց միտքին մէջ միշտ պակսած էր կենդանի պատկերը: Եկանք այդ քնարական կոչումին ականատես ըլլալու: Հիացումը բոլորին կը պահէ լուռ, անթարթ: Նարեկը եւ Շողիկը, քիչ մը անդին, կը խօսին, կը ծիծաղին, չես գիտեր ինչո՛ւ: Աղջնակը թափանցիկ թերթիկներով վարդ մը ունի մազին մէջ դրած: Պառաւ վարդավաճառի մը նուէրն է- «Ամերիկայի՞ց էք եկել… Բարի էք եկել: Տղայ ջան, ընկերուհուդ մի վարդ չնուիրե՞ս…»: Անդին, Փաթիլը կը լուսանկարէ ու կը փորձէ տեսարանին իշխող վառ վարդագոյնը անմահացնել: Վէմը, ներաշխարհով հարուստ տղայ, նստած է մէկ-երկու աստիճան վար: Կը մերժէ լուսանկարել: Ան կը հաւատայ, թէ աշխարհի լաւագոյն ոսպնեակը մարդուն աչքերն են: Վանան եւ յոյն Ալեքսէյը, չի զարմացներ զիս, փակ աչքով կը դիտեն համայնապատկերը: Իսկ Լօրէնին, որ այս քաղաքին մէջ տուն ունենալու բախտաւորութիւնը ունի, կը մօտենայ.
– Պարոն, օրուան այս ժամը շատ կը սիրեմ: Մարդիկ կը զմայլին այս տեսարանին:
– Վարդագոյն տուֆն է պատճառը: Ան կը սիրէ լոյսի հետ խաղալ: Քաղաքի շէնքերը ամէն ժամ, կարծես թէ տարազ կը փոխեն…:
Երբ մեր զրոյցով կը յայտնուին վարդագոյն քաղաքի գեղեցկութիւնները, «վարդ» բառն ալ թերթ առ թերթ կը բանայ իր քաղցրաբոյր պատմութիւնը:
– Գիտե՞ս, Լօրէնի, «վարդ» բառը միշտ գեղեցիկ էր: Ոսկեդարուն, արդէն քաղցրատես բառ էր: Հայկական հնագոյն մատենագրութեան մէջ ծաղկած էին վարդաբեր, վարդագոյն, վարդայատակ, վարդենի եւ կարմրավարդ բուրումնաւէտ բառերը: Չենք գիտեր, թէ հայերէն առաջին «վարդ»ը ո՞վ տնկեց մայրենի պարտէզին մէջ, սակայն գիտենք, թէ յունարէնի եւ վրացերէնի մէջ կան բառեր, որոնք նման են մեր «վարդ»ին: Յամենայն դէպս հայկական վարդը ինքնուրոյն է, ունի իւրայատուկ գոյն ու բոյր:
– Մեր հողն է պատճառը, անկասկած:
– Իրաւունք ունիս: Ինչպէս, որ ամէն հող, իր յատուկ բաղադրութեամբ կ՛աճեցնէ վարդի տարատեսակ, նոյնպէս հայոց լեզուի տոհմիկ գոյներով ծաղկեր է «վարդ» բառը: Ան եղեր է նաեւ ցրտադիմացկուն: Պատմութեան բոլոր դաժան օրերուն, սառնամանիքին եւ բուքին, «վարդ» բառը՝ համեստ գեղեցկուհի, մերժեր է արմատախիլ ըլլալ ու զարդարեր է հայոց գրականութեան էջերը:
– Գեղեցկուհի՜… Գիտեմ, թէ այս ծաղիկը նրբութեան եւ սիրոյ խորհրդանշանն է:
– Ինչպէս նաեւ անպատասխան սիրոյ…: Անիկա միշտ ոգեւորեր է հայկական քնարը, թէ՛ հոգեւոր, եւ թէ աշխարհիկ: 10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին ստեղծեր է «վարդ փթթեալ ի գիրկս մօր» արտայայտութիւնը: Ան էր նաեւ Վարդավառին նուիրուած տաղերու հեղինակը: 12րդ դարուն, յեղափոխութիւն մը տեղի ունեցաւ: Հայկական Վերածնունդն էր անիկա, երբ հայը իր բնաշխարհին կը նայէր «վարդագոյն ակնոցով»: Կեանքը եւ բնութեան շնորհած գեղեցկութիւնները բոլորովին վայելելու մտադիր շրջան մըն էր անիկա: Այն ժամանակ յայտնուեցաւ Կոստանդին Երզնկացին եւ գովերգեց սէրը՝ վարդի եւ սոխակի սիրավէպի ձեւով: Անոնք երկխօսութիւններ էին, որոնց մէջ վարդը, մեծ պատիւ այդ ծաղիկի համար, կը խորհրդանշէր հողեղէն կոյսը: 1300ականներուն, միջին հայերէնով գրի առնուած, բոլորին հասկնալի տողիկներ էին անոնք, ինչպէս՝ «Վարդն լսեց զձայն պլպուլին, էբաց զդուրն վրանին»: 15րդ դարուն մէկ այլ բանաստեղծ սկսաւ դայլայլելու: Մկրտիչ Նաղաշն էր ան, որուն «Տաղ վասն բլբուլին եւ վարդին» բանաստեղծութիւնը ունի հետեւեալ զրոյցը. «Վարդն ի բլբուլին ասաց. Զի յէ՞ր կու խոցիս»: Ապա եկաւ Գրիգորիս Աղթամարցին, որ «վարդ» ծաղիկի պատկերը յիշեց, երբ կը խօսէր իր սիրածին մասին. «Այգի, ընդ քեզ ասեմ, տուր ինձ պատասխան, Ընդ է՞ր ոչ պահեցեր զվարդն իմ պատուական»: Վերջապէս եկաւ Սայաթ Նովան: Ան երգի որսորդ էր այնքան, որքան վարդի եւ գիտէր այդ դիւրաբեկ գեղեցկութեան արժէքը: Նախ աղօթեց, «Տէր, պահէ վարդի նմանն», ապա կանչեց պլպուլին. «Դու վարդ պտռէ՛, իս գօզալին»: Ամէն տարի Մայիսին, Լօրէնի, Թիֆլիսի մէջ կը տօնեն «Վարդատօն»: Մասնակցողները եւ հայկական աշուղական արուեստի երկրպագուները կարմիր վարդեր կը դնեն Սայաթ Նովայի շիրիմին: Լօրէնի, «վարդ» բառը այնքան սիրեց մայրենի լեզուն եւ հայրենի հողը, որ անիկա դարձաւ դարձուածք եւ գեղեցիկ արտայայտութիւն՝ «Վարդ դառնալ», «վարդի նման», «վարդով չոռ ասել», «եղանակ վարդից», «քաղել վարդ», «վարդի պէս պահել», «վարդեր բացուին ոտքիդ տակ», եւ ամէնէն հանրածանօթը՝ «չիք վարդ անփուշ»: Ամուսնութեան ժամանակ նորահարսի ծաղկազարդ թաշկինակին ըսինք «վարդ թաշկինակ», իսկ այն կարմրագոյն գեղեցիկ կօշիկին, որ կը հագցնէին նորահարսին‘ «վարդ կօշիկ»: Սակայն, եղան օրեր եւ մեր հարսերը, կամ մայրերը, դարձան վշտահար, որովհետեւ անօրէն փամփուշտով զոհուեցաւ իրենց տան սիւնը: Այն ժամանակ, «վարդ» բառը եկաւ, սփոփեց սգաւորին սիրտը, երբ ըսինք. «Վարդեր բացուեցան քաջորդւոյն կրծքին, կամ ճակատին»: «Վարդ» բառը, սակայն, դիմացաւ ձմրան խստաշունչ եղականին ու ամէն գարուն իր գեղեցկութիւնը պարզեց հայոց աշխարհին, երբ դարձաւ տեղանուն՝ Վարդաբլուր, Վարդագեղ, Վարդագիւղ, Վարդախաչ, Վարդաղբիւր, Վարդահեր, Վարդիթեր, Վարդահովիտ, Վարդաձոր եւ Վարդենիս: Մարդացաւ եւ իգական եւ արական անուններ տուաւ մեզի՝ Վարդգէս, Վարդերես, Վարդիթեր եւ Վարդուհի: Բայց Լօրէնի, դուն չկարծես, թէ հայկական «վարդ»ը ամէն լեռ, ամէն ձոր ունէր նոյն բոյրը: Զէյթունի եւ Հաճընի մէջ «վօյթ» էր անիկա, Ագուլիսի մէջ «վէօռդ», իսկ Մուսա լերան այգիներուն մէջ՝ «վուրդ»: Վարդավա՞ռը: Անիկա ունէր իր իւրայատուկ բոյրը. Մշոյ, Սեբաստիոյ եւ Ակնայ մէջ «վարդէվառ», Ալաշկերտի մէջ «վարդեւոր», Չուղայի մէջ «վարդիվոր», Զէյթունի եւ Հաճընի մէջ «վարդիվօ», Թիֆլիսի մէջ «վարթեվուր», Շամախի մէջ վարթօօր, Արցախի մէջ վըրթեվիւր, իսկ Համշէնի մէջ վաշտեւոր: Առաւել բուրումնաւէտ են «վարդ-ով շինուած արտայայտութիւնները: Երգերու մէջ, եւ սիրային նամակներու մէջ անկասկած, ունեցանք՝ մշտափթիթ, գեղափթիթ, հարիւրաթերթ, վայրի, կարմրագեղ, ծիրաներփեան եւ քաղցրաբոյր վարդեր:
Անխուսափելիօրէն, ունեցանք նաեւ «փշալից» եւ «թարշամ» վարդեր: Բարդ բառե՞ր… Պէտք չէ զարմանալ: Հարիւր վաթսունի չափ: Բուսաբանական բառարան մը պէտք է, որ բոլորը հոտոտանք: Սակայն, կարելի է տասնեակ մը բառ քաղել ու փունջ կազմել՝ վարդաբերան, վարդաբոյր, վարդագեղ, վարդաթոյր, վարդաթուշ, վարդաժպիտ, վարդածիծաղ, վարդածոց, վարդամատն, վարդամարմին, վարդաշուրթ, վարդաջրել: Իսկ մեր մայրաքաղաքը գեղեցկացնող այս քարին համար յարմար գտեր ենք «վարդատուֆ» բառը: Երբ այսքան ծլեր էր մեր բառապաշարը, ինչպէս չոգեւորուէր հայ բանաստեղծը: Դանիէլ Վարուժան նկարագրեց գարունը վարդի պատկերով. «Գարունն ընդհուպ կը թափթըփի վարդ առ վարդ»: Ան գրեց նաեւ «վարդ կոյս», «վարդ շրթունքներ», «վարդերու հեղեղ», «կիները կը ծաղկին վարդի պէս» եւ «վարդ այտեր» արտայայտութիւնները: «Հարճ» բանաստեղծութեան մէջ կարմրահեր գեղեցկուհին կտրիճ ասպետին ըսաւ. «Կը սպասեմ ես քեզի վարդենիի մը նման»: Իսկ «Վարուժնակին» բանաստեղծութիւնը բացուեցաւ այս տողիկով. «Աղուոր, աղուոր, աղուոր վարդն իմ Գարունիս»: Լեւոն Շանթի գրիչն ալ քաղեց վարդ մը. «Վարդ շրթունքին զոյգ թերթերը թաց, ուր չար համբոյր մը կար միշտ պահուըտած»: Վահան Տէրեան իր տխրութիւնը հառաչեց «վարդ»ով.
«Երբ վարդ ամպերի հրդեհն է դողում,
Իրիկնաժամին նստում եմ մենակ»:
Կոմիտաս վարդապետը երեք բանաստեղծութիւն նուիրեց անոր՝ «Վարդ Ու Կաթէ», «Վարդիկիս» եւ «Ես Սիրեցի Անփուշ Վարդ»: Վերջինին մէջ խոստովանեցաւ. «Աւա՜ղ, ձեռքս ծակոտեց, արիւն հոսի վարդէն ցարդ»:
Եղիշէ Չարենց աւելի լաւատես էր.
«Էլի գարուն կու գայ, կը բացուի վարդը,
Հազար վարդ կը բացուի աշխարհի մէջը»:
Իսկ Արամ Խաչատրեանը զայն դարձուց երաժշտական գողտրիկ կտորի. «Վարդագոյն Աղջիկներու Պարը»: Հայկական երգարուեստին մէջ Գուսան Շերամն էր, որ վարդին ըրաւ մեծ պատիւ ու զայն վերածեց սիրուած բազմաթերթ երգերու. «Վարդ ցանեցի, վարդ քաղեցի, եար փնտռեցի, եարա գտայ», «Պարտէզում վարդ էր բացուած կը սպասեն սոխակին»: Լօրէնի, այս երգերով քաղցրացան վարդ շրթունքները: Իսկ դուն, հիմա կրնաս բացատրել, թէ Վարդագոյն քաղաքի բնակիչները ինչո՛ւ կը սիրեն հոս գալ եւ դիտել այս տեսարանը:
– Գիտեմ: Անոնք, իմ դասընկերներս եւ բոլորս, վարդագոյն ակնոց հագած, կը սիրենք հիւսել վարդագոյն երազներ: