ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- MSNBC կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախկին պաշտպանութեան նախարար Լիան Փընեթա յայտարարեց, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հարցով յստակ ռազմավարութիւն չունի:
Ան կտրուկ կերպով քննադատեց Իրանի հարցով Թրամփի վարած քաղաքականութիւնը՝ նշելով. «Թրամփ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնութենէն դուրս քաշուեցաւ, առանց այլընտրանքային ծրագիրներու։ Ես շատ կը փորձեմ հասկանալ Իրանի հարցով անոր վարած քաղաքականութիւնը, բայց չեմ կրնար տրամաբանական մօտեցում մը տեսնել»:
Նախկին նախարարին համաձայն՝ իր ժամանակը «Թուիթըր»ի վրայ վատնող նախագահը գաղափար իսկ չունի, թէ, ինչպէս պէտք է վարուի ռազմավարական առումով զգայուն այդ տարածաշրջանին մէջ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փեթրիք Շենըհեն յայտարարեց, որ այս հանգրուանին Ուաշինկթըն կ՛ուզէ զսպել Իրանը, եւ ոչ թէ անոր դէմ պատերազմ մղել, փորձելով մեղմացնել Ուաշինկթընէն եկող աւելի ռազմաշունչ կեցուածքները:
Ան պնդեց, որ Միացեալ Նահանգները, Միջին Արեւելքի մէջ ուժեր տեղակայելով՝ կանխարգիլեց հաւանական յարձակումներու շղթայազերծումը՝ աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանին կեդրոնացումը «իրանեան սխալ հաշուարկ մը արգիլելուն վրայ է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին յայտարարեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Քոնկրեսի օրէնսդիրներուն նոր փաստեր ներկայացուցած է իրանեան սպառնալիքներուն վերաբերեալ:
«Միացեալ Նահանգները տակաւին վերջնական եզրակացութեան չէ յանգած էմիրաթական Ֆուժէյրա նաւահանգիստին մօտ քարիւղատար նաւերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ քարիւղի կայարաններուն վրայ վերջին յարձակումներուն վերաբերեալ», ըսաւ Փոմփէօ:
Սակայն, Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Հիշմեթալլա Ֆլահապիչէ յայտնեց, որ Ծոցի մէջ ամերիկեան ուժերու վերադասաւորման նպատակը շրջանին մէջ պատերազմի շղթայազերծումն է, մինչ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆ շեշտեց, թէ ամերիկեան պատժամիջոցները «Իրանի ժողովրդին դէմ տնտեսական ահաբեկչութիւն է»։