ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «Rusarminfo» լրատուական կայքին համաձայն՝ Ատրպէյճան մերժած է մուտքի արտօնագիրներ տալ Լոնտոնի «Արսենալ» ֆութպոլի ակումբի Բրիտանիոյ այն քաղաքացիներուն, որոնք նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունին եւ կը փափաքին ներկայ ըլլալ «Եուրոփա» մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ։
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան մաս կը կազմէ «Արսենալ»ի:
Բրիտանական աղբիւրի մը համաձայն՝ ակումբը դիմած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, պարտադրելու համար Ատրպէյճանին, որ բրիտանահայ համակիրներուն համար մուտքի արտօնգիրներ տայ։
Նշենք, որ բրիտանական շարք մը թերթեր 17 Մայիսին հաղորդեցին, որ «Արսենալ»ը արդէն իսկ որոշած է առանց Մխիթարեանի մեկնիլ Պաքու, նկատի ունենալով, որ անոր ապահովութեան համար բաւարար երաշխիքներ չէ ստացած եւ ակումբը մտահոգ է, որ հարցը կրնայ ազդել միւս մարզիկներուն վրայ։
Նաեւ, խումբին համակիրները մտադրած են Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական մրցումին ընթացքին Մխիթարեանի դէմքով դիմակներ կրել: Նման առաջարկ մը կատարուած է խումբին համակիրներուն ամենաաշխուժ ակումբներէն «Canon Crested»ը, բողոքելու համար Մխիթարեանի համար ապահովական բաւարար երաշխիքներ չտալու Պաքուի որոշումին դէմ։ Կը ծրագրուի պատրաստել Մխիթարեանի դէմքով դիմակներ, զանոնք բաժնելու համար ակումբին առնուազն 6000 համակիրներուն: