«ԷՆՍԻՆՕ», ՆՈՐԹ ՀԻԼԶ.- Արդէն իսկ կը մօտենայ 2018-2019 դպրոցական տարեշրջանի աւարտը: Այս տարեշրջանին, Ֆերահեան Ազգային երկրորդականի (Էնսինօ) եւ Մարի Գապայեան (Նորթ Հիլզ) նախակրթարանի վերարժեւորման տարին ըլլալով, անցնող ամիսներուն ընթացքին, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը եւ ծնողները, իրենց կարելին ի գործ դրին, դպրոցներուն մէջ, զանազան յանձախումբերու աշխատանիստեր կազմակերպելով եւ իրենց յանձնուած նիւթերուն վերաբերեալ զեկուցումներ պատրաստելով, որպէսզի վարժարանները դարձեալ ապահովեն ակադեմական իմաստով խիստ կարեւոր վարկաւորումը:
Ամիսներու վրայ երկարող գործընթացին, Փետրուար 2019ին WASC-ի ներկայացուցիչները երկու համալիրները այցելելով, հանդիպումներ ունեցան աշակերտներուն, ուսուցիչներուն, անձնակազմին եւ տնօրէնութեան հետ: Հանդիպման երեք օրերուն ընթացքին անոնք արժեւորեցին երկու համալիրներուն որդեգրած ծրագրային բարելաւումներուն շարքը, արհեստագիտական դասաւանդութեան զարգացումները, դպրոցի ծառայողական եւ մասնագիտական ծրագիրներու համար կատարուած աշխատանքները, եւ հասնելով դրական եզրակացութեան, արդիւնքը եղաւ կարեւոր նուաճում, Ֆերահեան Ազգային վարժարանը՝ Էնսինոյի եւ Նորթ Հիլզի իր զոյգ համալիրներով, WASC-ի (Western Association of Schools and Colleges) կողմէ ստացաւ վեց տարուան վարկաւորում: