ՊԱՔՈՒ, «Ազերթաճ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 17 Մայիսին, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման համար միջազգային հանրութեան կոչ ըրաւ՝ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու Հայաստանի վրայ։
«Ամբողջ աշխարհը Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարակից գրաւեալ 7 շրջանները կը ճանչնայ որպէս ատրպէյճանական հող: Սակայն, այդ տարածքները ազատելու համար բռնագրաւող երկրին վրայ բաւարար ճնշում չի գործադրուիր: Հակամարտութիւնը կարելի է կարգաւորել միայն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերահաստատումով», յայտարարեց Ալիեւ իսլամ երկիրներու դեսպաններու հետ հանդիպման ընթացքին: