ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Evoke, Embrace, Evolve» խորագիրով ծանօթ եւ միջազգային «ՀիլՈւիտին» կազմակերպութեան կողմէ նախաձեռնուած տարեկան 7րդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 1 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 9էն սկսեալ, մինչեւ կ.ե. ժամը 3, «Քեսթըուէյ» ճաշարանին մէջ (1250 E. Harvard Road, Burbank, CA 91501)։
Հաւաքին նպատակն է հիւր բանախօսներու առաջնորդութեամբ, քննարկումներ եւ խորհրդակցութիւններ կատարել՝ կանանց իրաւանց պաշտպանութեան եւ անոնց հեղինակութեան բարձրացման նպատակներով։
Ծրագրուած են նաեւ խմբային շարք մը ձեռնարկներ։
Մուտքի սակին մէջ ներառնուած է նաեւ ճաշին գինը։
Քննարկումները պիտի առաջնորդեն այս մարզի մասնագէտներէն՝ դոկտ. Քերըլայն Ռաուլի, դոկտ. Արմինէ Կարապետեան, Քրիսթիլ Կոթա եւ Լիզա Պուպարի։
Մասնակցութեան սակը 145 տոլար է, իսկ արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 8։30ին։
Ճաշարանին հասցէն է՝ 1250 E. Harvard Road, Burbank, CA 91501։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.the3eevent.com կայքը։