ՊԸՐՔԼԻ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի բնագիտութեան ճիւղի ուսանողներէն Լարա Ռոստոմեան յառաջիկայ ամառ Հայաստանի մէջ առիթը պիտի ունենայ իրականացնելու ընտանիքի կազմութեան կարելիութեանց նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը իրականացնելու, շնորհիւ «Փըրկօ» հիմնադրամէն իր ստացած ուսումնասիրութեանց յատուկ կրթանպաստի մը։
Ռոստոմեան կը յայտնէ, թէ իրեն յուսահատութիւն պատճառած են ընտանիքի կազմութեան կարելիութեանց մասին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող սահմանափակ եւ ժամանակավրէպ տեղեկատուական նիւթերը, որոնցմէ ծագած է այդ մասին Հայաստանի մէջ ուսումնասիրութիւն մը կատարելու ծրագիրը։ Ան մտահոգիչ կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ յղութեան առաջքը առնելու միջոցառումներու դիմելէ աւելի, վիժումը կը շարունակէ մնալ յղութեանց վերջ տալու գլխաւոր ընտրանքը։