ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հովանաւորութեամբ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի ընդհանուր քարտուղար Ֆատել Նաճարի, կազմակերպութեամբ Համակարգչային գիտութիւններու սուրիական միութեան, Հալէպի մէջ առաջին անգամն ըլլալով՝ 29 Ապրիլին տեղի ունեցաւ «Սքրեչ» համակարգչային ծրագրաւորման «Մարաթոն 2019»ը:
Սոյն մրցաշարքին Հալէպի զանազան դպրոցներու առաւել քան 100 աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին, տարիքային երկու խմբաւորումներով (8-11 տարեկան) եւ (12-15 տարեկան): Մրցոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայ աշակերտ մը՝ սկաուտական շարժումի համակարգչային դասընթացքին մասնակցող, Ազգային Միացեալ վարժարանի հինգերորդ կարգէն 11ամեայ Շանթ Պօղիկեան, որ իր աշխոյժ ընթացքով առաջին տասը լաւագոյն մասնակցողներէն հանդիսացաւ՝ կազմակերպիչ մարմինին կողմէ արժանանալով շքանշանի եւ հաստատագիրի: