ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «www.nj.com».- 2019ի «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանին տուչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մայիսին։
Այս տարուան 92 մեծարուողներէն մէկն էր Նիւ Ճըրզիէն ակնաբոյժ եւ բարերար տոքթ. Լորընս Վ. Նաճարեան, որ Նիւ Եորքի քանի մը հիւանդանոցներու մէջ աչքի գլխաւոր վիրաբոյժ է եւ կը դասաւանդէ Նիւ Եորքի շարք մը համալսարաններու մէջ, ինչպէս նաեւ կամաւոր դասաւանդութիւններ կը կատարէ:
Ան նաեւ նախագահն է Առողջապահութեան մարզի արհեստավարժ ամերիկահայերու կազմակերպութեան, ինչպէս նաեւ Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին, որոնց միջոցաւ բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ թէ՛ Միացեալ Նահանգերու եւ թէ Հայաստանի մէջ։
Տոքթ. Նաճարեան նաեւ անդամ է Հայկական բժշկական միջազգային յանձնախումբին։
Ան կը յայտնէ, թէ մրցանակը կը պարտի 1921ին Էլիս կղզիէն անցնելով Միացեալ Նահանգեր մուտք գործած իր մեծ հօր եւ մեծ մօր, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած այլ հայերու նման, միշտ երախտապարտ եղած են Միացեալ Նահանգներու մէջ բարգաւաճելու իրենց շնորհուած առիթին համար։
Տոքթ. Նաճարեան նաեւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու իր բժշկական եւ բարեսիրական գործունէութիւններուն համար։