ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հովանաւորութեամբ Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ թեմի «Զուարթնոց» մշակութային մարմինին եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Երեքշաբթի, 21 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504) տեղի պիտի ունենայ «Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերը» նիւթով դասախօսական ձեռնարկ մը։
Ձեռնարկին կազմակերպման կը մասնակցին նաեւ՝ ՀԲԸՄը, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, Թէքէեան մշակութային միութիւնը, Իրաքահայ միութիւնը, Իրաքահայ ընտանեկան միութիւնը եւ «Ապրիլ» գրատունը։
Պիտի դասախօսէ այս նիւթով վերջերս հրատարակած՝ «Trauma and Resilience» խորագրով հատորին հեղինակ՝ Ռաֆֆի Պետրոսեան, Գանատայէն։
Մուտքը ազատ է։