ՏՈՒՊԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, 10 Մայիսին, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար տեղակալ Եատոլլա Ճաւանի, որ նաեւ հրամանատարին քաղաքական գլխաւոր խորհրդականն է, յայտարարեց, թէ Թեհրանի իշխանութիւնները պատրաստ չեն ընդունելու Իրանի հետ բանակցելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ մէկ օր առաջ ներկայացուած հրաւէրը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ «ամերիկացիները յանդգնութիւնը չունին մեր դէմ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու»։
Ան կ՛ակնարկէր Թրամփի կողմէ մէկ օր առաջ կատարուած հրաւէրին, որուն ընկերացած էր նաեւ Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան մը սպառնալիքը։
Ճաւանի աւելցուց, որ անիմաստ պիտի ըլլայ բանակցութեան սեղան նստիլ ամերիկացիներուն հետ, որովհետեւ Իրան «անվստահելի» կը նկատէ Ամերիկան, որ ինքնագլուխ կերպով քաշուած էր Իրանի հետ կնքուած հիւլէական միջազգային դաշինքէն։
Յայտնենք, թէ 10 Մայիսին նաեւ բացայայտուեցաւ, որ Միջին Արեւելք ամերիկեան օդանաւակիր մը եւ ռազմական յաւելեալ օդանաւեր ղրկելու ամերիկեան նորագոյն որոշումը, որ տրուած էր անցնող շաբաթավերջին, հիմնուած էր Իրանէն հաւանական սպառնալիքի մը վերաբերեալ չափազանցուած եզրակացութեան մը վրայ։