ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- 22էն 30 Ապրիլ, աշխատանքային այցելութեամբ Արժանթին կը գտնուէր Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի տնօրէն վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան: Տարի մը առաջ Հայկազեան համալսարանի եւ Ռոսարիոյի Պետական ազգային համալսարանին մէջ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրի ծիրին մէջ, Հայկազեանի տնօրէնը հրաւիրուած էր Ռոսարիոյի համալսարանին մէջ գործող Հայկական ամպիոնի «Հայկական Հարցը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ» տարեկան սեմինարին բացումը կատարելու՝ յատուկ դասախօսութեամբ մը:
Այցելութեան օրակարգին վրայ էին նաեւ Ռոսարիոյի ու Պուէնոս Այրեսի մէջ համայնքային եւ ակադեմական հանդիպումներ, հրապարակային դասախօսութիւններ եւ Ցեղասպանութեան 104ամեակի յիշատակման արարողութիւններու մասնակցութիւն: Այսպէս, 22 Ապրիլին՝ իր ժամանումին գիշերն իսկ, դոկտ. Հայտոսթեան անգլերէնով դասախօսեց Միջազգային յարաբերութիւններու Արժանթինեան խորհուրդին մէջ, «Ի՞նչ դեր վերապահուած է Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան տարածաշրջանի զարգացման գործընթացին մէջ» նիւթին մասին:
Նշեալ հիմնարկը նախկին դիւանագէտներ եւ միջազգային քաղաքականութեան մասնագէտներ համախմբող ամենահանրածանօթ «թինք-թենք»ն է:
Ելոյթէն ետք, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը յատուկ ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հիւրին իրենց ակումբին մէջ: Յաջորդ օրը, դոկտ Հայտոսթեան մասնակցեցաւ Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական հաստատութիւններու (ծանօթ՝ լատինական իր սկզբնատառերով՝ ԻԱՐԱ) շաբաթօրեայ ժողովի մէկ բաժինին, որուն ընթացքին ան համայնքի ղեկավարներուն ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայկազեան համալսարանը եւ կարծիքներ փոխանակեց միջհամայնքային համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:
Նոյն գիշերը ան ընթրեց համայնքէն խումբ մը ակադեմականներու հետ փոխծանօթացման եւ համագործակցութեան կարելիութիւններու քննարկման մասին զրուցելու նպատակով: Ռոսարիոյի մէջ 24-26 Ապրիլ, իր եռօրեայ այցելութեան օրակարգը բազմակողմանի էր:
Անիկա սկսաւ Ապրիլեան յիշատակումի համայնքային հրապարակային ձեռնարկով, որուն աւարտին քաղաքի Յիշողութեան թանգարանին մէջ, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան յատկացուած բաժին մը կայ, դոկտ. Հայտոսթեան ուղերձի խօսքով հանդէս եկաւ տեղւոյն հայ եւ լիբանանցի համայնքներու ներկայացուցիչներուն առջեւ: Նոյն գիշերը հայ համայնքը ի պատիւ իրեն կազմակերպեց ընդունելութիւն:
25 Ապրիլին, դոկտ. Հայտոսթեան բացումը կատարեց Հայկական ամպիոնի տարեկան սեմինարին, ապա, յետմիջօրէին, ելոյթ ունեցաւ լիբանանեան համայնքի հովանաւորութեամբ գործող Լատին Ամերիկեան Մանկավարժական կեդրոն համալսարանին մէջ: Ռոսարիոյի լիբանանեան համայնքը այդ գիշեր դոկտ. Հայտոսթեանը պատուեց յատուկ ճաշկերոյթով:
Այցելութեան վերջին օրը, Հայկազեանի տնօրէնը պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Ռոսարիոյի համալսարանի իր գործընկերոջ՝ Հեքթոր Ֆլորիանիի հետ եւ Հայկական ամպիոնի պատասխանատուներու ու այլ ակադեմականներու ներկայութեան փոխանակուեցան համագործակցութեան համաձայնագիրի փաստաթուղթերը:
Վերադառնալով Պուէնոս Այրես, 26 Ապրիլի գիշերը, դոկտ. Հայտոսթեան հիւրը եղաւ ՀԲԸՄի յատուկ ընթրիքին՝ ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան:
Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄի կազմակերպած Ապրիլեան աւանդական մատաղին: Իր այցելութեան նախավերջին օրը դոկտ Հայտոսթեանը ընդունեց Արժանթինի մօտ Հայաստանի լիազօր դեսպան Եսթեր Մկրտումեան, իսկ վերջին գիշերը, նախքան օդակայան մեկնիլը, ան մասնակցեցաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ տարածաշրջան այցելող Արցախի պատուիրակութեան ի պատիւ տրուած ընթրիքին: