– Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ երեք պետութիւններու ղեկավարները մերժեցին հիւլէական համաձայնագիրի որոշ կէտերը սառեցնելու վերաբերեալ Իրանի կեցուածքը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ իրենք պիտի յարգեն համաձայնագիրին պայմանները։ Անոնք նաեւ ափսոսանք յայտնեցին Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու որոշումին համար:
– Քրեմլին չի բացառեր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ, երբ վերջինս 13-14 Մայիսին այցելէ Սոչի: «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը Փոմփէոյի հետ: