ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յարգելի ընթերցողներ, այսօր ձեզի հետ եմ, որովհետեւ առողջ եմ:
Բայց ի՞նչ է առողջութիւնը:
Առողջ ապրելու համար պէտք է մշակենք մեր ֆիզիքական, մտային, հոգեկան (spiritual) ե զգացական (emotional) կարողութիւնները:
Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Առողջ միտք առողջ մարմինի մէջ», սակայն այս մէկը իրականացնելու համար նախ պէտք է պատրաստել միտքը, որպէսզի անիկա իւրացնէ եւ հետեւի առողջութեան պայմաններուն: Ուրեմն այսօր մենք պիտի պատրաստենք մեր միտքը:
Մեր մարմնական ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը մեր ամէնէն թանկարժէք հարստութիւնն է: Այս հարստութիւնը վայելելու համար՝ պէտք չէ հիւանդանանք: Մեր ընդհանուր առողջութիւնը եւ հիւանդութեան մը զարգացումը կախեալ է արտաքին եւ մարդկային-անհատական գործօններէ (factors) եւ ազդակներէ:
Ա. Արտագին գործօնները եւ ազդակները կրնան ըլլալ.
ա. Կենսաբանական (biological).
բ. Սննդառական.
գ. Ֆիզիքական, մեքենական, քիմիական եւ թունաւոր կազեր.
դ. Մթնոլորտային (atmosphere).
ե. Միջավայրային (environment):
ա. Կենսաբանական գործօններն են՝ մանրէները (bacteria), ժահրերը (viruses), սունկերը (fungi) եւ մակաբոյծները (parasites): Ասոնք են որ հիւանդութիւն կը յառաջացնեն: Անոնք կը գտնուին տարբեր-տարբեր շտեմարաններու մէջ: Այդ շտեմարաNներն են.
- Հիւանդ մարդուն քիթի հեղուկը, բերանի լորձունքը, թուքը-խուխը, կղկղանքը, մէզը, սերմնահեղուկը (semen), արիւնը, անկողինը, հագուստը, մազը եւ մորթը:
- Անասունները՝ կով, այծ, խոզ, շուն, կատու, ջղջիկ, թռչուն, հաւ.
- Կարգ մը անասուններու մորթը, մէզը, միսը, կղկղանքը (feces), մազը, բուրդը, լորձունքը:
- Միջատները՝ մժեղ, մեղու, ոջիլ, ճանճ, թիթեռնիկ.
- Մեր շրջապատի հողը եւ ապականած օդը.
- Աղտոտ ջուրերը եւ Ճահիճները։
Կենսաբանական գործօնները հիւանդ անձէ մը առողջ անձի մը կը փոխանցուին ուղղակի եւ անուղղակի փոխանցումով:
Ուղղակի փոխանցումը (direct transmission) տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.
- Անձէ անձ՝ հպումով, ձեռնուելով, ողջագրուելով, համբուրելով, բերանի եւ քիթի հեղուկներով եւ սեռային յարաբերութեամբ (sexual contact).
- Միջատներէ եւ անասուններէ մարդուն՝ խայթուածքով եւ խածուածքով։
Անուղղակի (indirect) փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ ջուրի, կերակուրի, հողի, օդի եւ փոշիի միջոցաւ:
բ. Սննդառական (dietary) գործօններ են՝ խարդախուած եւ թունաւոր կերակուրները, կաթը, ըմպելի ջուրը, զովացուցիչ ըմպելիները:
գ. Ֆիզիքական, մեքենական, քիմիական եւ թունաւոր գործօններ են՝ անմիջական մարմնական հարուած-վնաս, կրակ, այրուածք, թունաւոր կազեր, արեւու ճառագայթ, քիմիական նիւթեր եւ փոշի, վառելանիւթերու մնացորդաց, ինքնաշարժներու վարած կազերու արտադրութիւններ, այսինքն՝ բնածուխի միաթթու (CO) եւ բնածուխի երկթթու (CO2)։
դ. Մթնոլորտային գործօններ են՝ ապականած մթնոլորտ, անբնական կլիմա (climate), օդի խոնաւութիւն, գերջերմութիւն (hyperthermia) եւ ենթաջերմութիւն, (hypothermia), արեւի զօրաւոր ճառագայթներ:
ե. Միջավայրային գործօններն են՝ մեր գտնուած վայրին աշխարհագրական դիրքը եւ լոյսի նուազումը, ծովու, լողաւազաններու, բաղնիքներու, արտաքնոցներու-պէտքարաններու, մեր անմիջական շրջապատի, տունի, դպրոցի եւ գործի վայրի աղտոտութիւնը:
Բ. Անհատական գործօններ. այս գործօններն են՝ տարիք, սեռ, ժառանգականութիւն, ֆիզիքական կարողութիւն, սննդառութիւն, դիմադրողականութիւն, սովորութիւններ, կենցաղ (life style), նստակեաց կեանք, մարմնամարզանք, քուն, ծխախոտի եւ ալքոլի (alcohol) գործածութիւն, աղմկարար վայրերու եւ միջավայրի ենթակայութիւն, ընկերային կեանք եւ անկաշկանդ, անբնական ու յոռի սեռային կեանք (sex life):
Մարմնական ընդհանուր առողջութեան նախապայմաններն են.
- Ուտել առողջապահական կերակուրներ՝ բնասպիտով (protein) հարուստ սննդեղէն՝ ձուկ, հաւու միս, կովու եւ ոչխարի սեւ միս, կաթ՝ կաթնեղէն, ընդեղէն, մաքուր ջուր, առատ պտուղներ եւ բանջարեղէն, որոնք հարուստ են կենսանիւթերով (vitamine) եւ բնաթէլով (fiber).
- Ճարպ, իւղ, շաքար եւ աղ քիչ սպառել: Հում միս եւ հաւկիթ չուտել, կաթը միշտ եռացնելէ ետք խմել, սուրճը եւ թէյը չափաւոր գործածել:.
- Ամէն օր օրինաւոր մարզանք ընել.
- Հանգիստ եւ բաւարար քուն ունենալ. նուազագոյնը 8 ժամ քնանալ.
- Հեռու մնալ վարակուած անհատներէ.
- Փոխանցիկ հիւանդութիւն ունեցող անհատներու հետ չձեռնուիլ, չողջագուրուիլ, չհամբուրել.
- Հազալու ընթացքին երեսը դարձնել մէկ կողմ եւ հազալ արմուկին մէջ. գործածել դաշկինակ եւ գոցել բերանը եւ քիթը. փռնգտալու միջոցին գոցել թիքը եւ բերանը դաշկինակով: Չխնչել մարդոց դիմաց, այլ մէկ կողմ քաշուելով.
- Ունենալ առողջ սեռային կեանք.
- Ապրիլ մաքուր եւ խաղաղ միջավայրի մէջ, պահել շրջապատը միշտ մաքուր.
- Չծխել եւ ալքոլ չգործածել:
Մտային-ուղեղային առողջութեան նախապայմաններն են.
- Ունենալ մարմնական ընդհանուր առողջութիւն. այս նիւթին մասին նախապէս խօսեցանք:
- Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի եւ ուշադիր ըլլալ չգիրնալու.
- Բաւարար չափով թթուածինի, ածխաջրատներու (carbohydrate), շաքարի եւ սննդարար սննդանիւթերու մատակարարում ուղեղին: Բաւարար թթուածին կը մատակարարուի ուղեղին երբ բաւարար չափով թթուածինով հագեցած (saturated) արիւն կը հասնի ուղեղին: Այս մէկը կը կարօտի առողջ շնչառական եւ սրտանօթային (cardiovascular) համակարգի:
- Ուղեղի բջիջներու արթնութիւն եւ մտային, իմացական ու ճանաչողական գրգռութիւններ, այսինքն՝ շարունակ կարդալ, տեսերիզ դիտել, տեղեկութիւններ հաւաքել, համակարգիչ գործածել, երաժշտութիւն ունկնդրել, նկարներ դիտել, ցուցահանդէսներու եւ թատրոնի ներկայ ըլլալ, թանգարան այցելել, ընկերային կեանք ունենալ եւ չմեկուսանալ:
- Ալքոլ շատ քիչ խմել եւ ծխախոտ չծխել.
- Բաւարար քնանալ.
- Մարզանք ընել.
- Մաքուր միջավայրի մէջ եւ աղմուկէ հեռու ապրիլ:
Հոգեկան եւ զգացական-յուզական առողջութեան նախապայմաններն են.
- Ըլլալ ընկերային, ունենալ հաճելի ժամանցի ժամեր ընկերներու, ծնողքի, քոյր եղբայրներու, հարազատներու եւ բարեկամներու հետ.
- Անդամակցիլ քաղաքական, մարզական, մշակութային, գրական, կերպարուեստի, եկեղեցական եւ հոգեւոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու.
- Ըլլալ դրական եւ լաւատես որեւէ աշխատանքի մէջ, ըլլալ համբերատար, յարգել դիմացինը, մանաւանդ՝ ծնողքը, տարեցը, տնօրէնը, ուսուցիչը…
- Ընդունիլ կեանքի լաւ եւ վատ իրականութիւնները հանդարտօրէն.
- Հաւատալ անձնական կարողութիւններու վրայ.
- Ըլլալ ներողամիտ, ծառայասէր, օգնող եւ գթասէր։
Առողջ մնալու համար պէտք է կատարենք հերթական կարգ մը բժշկական քննութիւններ: Այս քննութիւնները կը յայտնաբերեն թաքուն որոշ հիւանդութիւններ: Նախքան հիւանդութեան մը զարգանալը, այս քննութիւնները կատարելով՝ կարելի կ՛ըլլայ արագօրէն ձերբազատիլ այդ ախտէն: Հերթական բժշկական քննութիւններն են.
- Բժշկական տարեկան ընդհանուր քննութիւն՝ արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, մաղձաճարպի (cholesterol), շաքարի եւ բնասպիտներու քննութիւնները, թոքերու Ք ճառացայթային (X-ray) նկարում, պարզ սրտագրութիւն (EKG):
- Ոսկորներու կրածինի (calcium) խտաչափութիւն (bone calcium densitometry): Այս քննութեան միջոցով կը չափուի ոսկորներուն պարունակած կրածինի խտութիւնը: Անոր արդիւնքով կը գիտցուի ոսկրափխրումի (osteoporosis) աստիճանը եւ կը կատարուի անոր ախտաճանաչումը. 65 տարեկանէն վեր բոլոր կիները եւ տղամարդիկը պէտք է կատարեն այս քննութիւնը: Բնական արդիւնքի պարագային, քննութիւնը պէտք է կրկնուի երեք տարի ետք: Իսկ ոսկրափխրումի ախտաճանաչումի պարագային, քննութիւնը պէտք է կրկնուի ամէն տարի:
- Կիներու կրծքագեղձի (mammary gland) մատնային քննութիւն.
- Կիներու կրծքագեղձի Ք ճառագայթային նկարում (mammography) եւ անդրձայնային նկարում (ultrasound): Այս քննութիւնը պէտք է կատարուի ամէն տարի 40-49 տարեկան կիներուն, երկու տարին անգամ մը 50-69 տարեկան կիներուն եւ ըստ պահանջի՝ 70 տարեկանէն վեր կիներուն:
- Հաստ աղիքի դիտում (colo-noscopy): Անիկա պէտք է կատարուի 50 տարեկանէն ետք երկու սեռերուն ալ: Եթէ առաջին քննութեամբ անբնական երեւոյթ չտեսնուի, քննութիւնը պէտք է կրկնուի 10 տարի ետք: Իսկ անբնական արդիւնքի պարագային՝ քննութիւնը պէտք է կրկնուի՝ ըստ մասնագէտ բժիշկին հայեցողութեան:
- Նախաղիիմատնային քննութիւն (rectal finger examination): Նախաղիի մատնային քննութիւնը պէտք է կատարուի բոլոր տղամարդոց՝ 45 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի: Անիկա կը կատարուի շագանակագեղձի (prostate gland) վիճակը գնահատելու համար։
- Արեան մաղձաճարպի (cholesterol) քննութիւն: Տղամարդիկ պէտք է կատարեն այս քննութիւնը 40 տարեկանէն ետք եւ ամէն տարի, իսկ կիները՝ դաշտանադադարէն (menopause) ետք եւ ամէն տարի: Արեան գերմաղձաճարպութիւնը (hypercholesterolemia) կը նախազգուշացնէ մեզի սրտանօթային հիւանդութիւններու գոյութեան նկատմամբ:
- Կղկղանքի (stool, feces) արեան գոյութեան քննութիւն։
- Արգանդավիզի քսուկի (cervical pap smear) ախտաբանական (pathologic) քննութիւն: Այս քննութիւնը իգական սեռին մօտ առաջին անգամ պէտք է կատարուի արբունքէն (puberty) 3-4 տարի ետք: Անիկա պէտք է կրկնուի երկու տարին անգամ մը, մինչեւ 70 տարիքը:
- Տեսողութեան քննութիւն՝ ըստ պահանջի. շաքարախտաւոր, արեան գերճնշում (hypertension) եւ գերմաղձաճարպութիւն ունեցողներ, ընտանիքի մէջ ակնաքող (cataract), խաժամթութիւն (glaucoma), ցանցենիի շերտաւորում (retinal detachment) եւ ցանցենիի ապասերում (macular degeneration) ունեցող անհատներ պարտաւոր են աչքի յաճախակի քննութեան ենթարկուելու:
(Շար. 1)